Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆընիանոս. «Կը Մնանք Մեր Խոստումին Տէրը` Մինչեւ 1 Օգոստոս Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ընդարձակման Աշխատանքները Աւարտելու Գծով»

Յուլիս 12, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր եւ մեծ թիւով պատասխանատուներ երէկ շրջեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` ստուգելով օդակայանի ընդարձակման նպատակով կատարուող աշխատանքները:

Այցելութեան աւարտին Ֆընիանոս հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ աշխատանքները ծրագրուած կերպով կ՛ընթանան:

«Կը մնանք մեր խոստումին տէրը` մինչեւ 1 օգոստոս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդարձակման աշխատանքները աւարտելու գծով», ըսաւ ան` յուսալով, որ 1 օգոստոս 2019-ին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ կարելի ըլլայ ընդարձակուած օդակայանին բացման արարողութիւնը կատարել:

Ֆընիանոս ողջունեց նախարար Կիտանեանը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւի օդակայանին պարզած իրավիճակին, նախարար Շքէյրը, որ կը հետեւի օդակայանին համացանցի դրութիւնը բարելաւելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ նախարար Պթայշը, որ կը փորձէ սրբագրել արձանագրուած իւրաքանչիւր բողոք:

Ան կոչ ուղղեց հանրօգուտ շինութեանց եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ճամբորդական գրասենեակներուն միջեւ միացեալ յանձնախումբ մը կազմելու` բարելաւելու համար զբօսաշրջութեան մարզը:

Ա. Կիտանեան. «1 Օգոստոսէն Սկսեալ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ Խճողուած Վիճակ Պիտի Չըլլայ»

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ 1 օգոստոսէն սկսեալ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ խճողուած վիճակ պիտի չըլլայ: Ան ընդգծեց, որ օդակայանին մէջ խճողուած վիճակը ամէնէն աւելի օգոստոս ամսուան ընթացքին է, որ կը պատահի, «սակայն այս տարի նման խճողուած վիճակ պիտի չարձանագրուի` շնորհիւ որդեգրուած քայլերուն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը դարձած է աշխարհի բոլոր օդակայաններուն նման, ուր քառորդ ժամուան ընթացքին ճամբորդի մը փաստաթուղթերու ստուգումը կը կատարուի, եւ ան դուրս կու գայ օդակայանէն:

Ան նշեց, որ  Պէյրութի միջազգային օդակայանին անձնակազմը վարժանիստեր կատարած է եւ ապահովական ուժերուն թիւը բարձրացած է` դիւրացնելու եւ հեզասահ դարձնելու համար աշխատանքին ընթացքը:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ Լիբանան ժամանող զբօսաշրջիկները ընդունիլ` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ զբօսաշրջութեան նախարարութեան գրասենեակը շուրջօրեայ դրութեամբ պիտի գործէ:

 

 

 

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Ամերիկեան Քինախնդիր Քայլերը Մեր Համոզումներէն Ոչինչ Պիտի Կարենան Փոխել»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Շարունակէ Քապըր Շմունի Միջադէպին Հետեւանքներուն Լուծումը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?