Սլովաքիոյ մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի ոչ պաշտօնական նախարարական հանդիպման ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Մարկոթ Վալսթրոմի հանդիպումը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-շուէտական օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ եւ վերահաստատած երկկողմանի յանձնառութիւնը` գործնական քայլերու ձեռնարկելու զայն առաւել ընդլայնելու եւ հարստացնելու ուղղութեամբ:
Նախարար Մնացականեան իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է մարդու իրաւունքներու խրախուսման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ դատաիրաւական բարեփոխումներուն վերաբերող Հայաստանի քաղաքականութիւնը:
Նախարարները բարձր գնահատած են մարդու իրաւունքներու օրակարգ ունեցող կազմակերպութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու, որոնց կարգին` Եւրոպական խորհուրդի, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Շուէտի միջեւ յաջող կերպով զարգացող համագործակցութիւնը:
Մարկոթ Վալսթրոմի խնդրանքով, նախարար Մնացականեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ առկայ իրավիճակը, Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները:



