Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Պայտընի Վարչակազմէն Կը Պահանջեն Ազրպէյճանը Զրկել Զինուորական Օգնութենէն Եւ Դադրեցնել «907-րդ Բանաձեւ»-ի Կատարումէն Հրաժարելու Հոլովոյթը

May 27, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տասնեակ անդամներ միացած են Տէյվիտ Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներուն` Պայտընի վարչակազմին կոչ ուղղելով` դադրեցնելու Ազրպէյճանին տրուող ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը նպաստէ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւններուն եւ այդ երկրի զինուորական կարողականութիւններու բարձրացման:

24 մայիս թուակիր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակը ստորագրած քոնկրեսականները կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ դադրեցնելու Ալիեւի փտած վարչակարգին Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական եւ անվտանգային օգնութեան բոլոր տեսակներու տրամադրումը: Քոնկրեսականները մտահոգութիւն կը յայտնեն նախագահ Պայտընի կողմէ «907-րդ» բանաձեւի պահանջներու կատարումէն հրաժարելու գծով:

Այդ բանաձեւի պահանջներով կը սահմանափակուի Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Ազրպէյճանին` հիմք ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակումն ու ազրպէյճանական նախայարձակումը: Նամակի հեղինակները մտահոգութիւն յայտնած են, որ առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակման վերացման շուրջ հոլովոյթը եւ յարձակումի կիրարկման փաստը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրաժարած է բանաձեւի կատարումէն` «չմանրամասնելով ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ», ըսուածը, որ հիմք ընդունուած էր «907-րդ բանաձեւ»-էն հրաժարման համար:

Երկկուսակցական նամակին վերաբերեալ Վալատաօ կը նշէ. «Ամերիկեան ոչ մէկ տոլար պէտք է ուղղուի Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն: Քարիւղով հարուստ այդ երկիրը ազգային զտումներ կը կատարէ Արցախի մէջ, կը պահէ հայ պատերազմական գերիներ եւ հիմա ալ տարածքներ կը բռնագրաւէ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Նախագահ Պայտըն պէտք է անյապաղ ետ վերցնէ «907-րդ բանաձեւ»-ի կատարումէն հրաժարելու որոշումը, իսկ եթէ ոչ, ապա Քոնկրեսը պէտք է կանոնադրապէս կանխարգիլէ Ալիեւի վարչակարգին ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը:

«Այլընտրանքը պիտի ըլլայ Պաքուի շարունակական հակահայկական յարձակումը եւ այդ գործին մէջ Ազրպէյճանի առջեւ կանաչ լոյս վառելը»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը նշէ. «Ամերիկահայերը, Ֆրեզնոյէն մինչեւ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական հովիտներ, կը միանան ամբողջ Ամերիկայի մէջ մեր համայնքին ու գործընկերներուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն քոնկրեսական Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահներուն` Ալիեւի վարչակարգին տրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան դադրեցման պայքարին համար:

«Պաքուի կողմէ սրուող յարձակումի պայմաններուն մէջ մենք յատկապէս կը գնահատենք ջանքերը Վալատաոյի, որ այցելած է Արցախ, ուղղակի կերպով ծանօթացած է այնտեղ ապրող մարդոց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վտանգուած բնակչութեան»:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Յունիսի Կէսերու Ժամկէտին Ընդառաջ Լուծման Ճիգերը Վերստին Թափ Կ՛առնեն

Յաջորդը

Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաստանի Զինեալ Ուժերէն

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.