Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Տէր Հանգեաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

May 27, 2021
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 25 մայիսին վախճանեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը:

Կենսագրական գիծեր.

Ծնած է Հալէպ 15 նոյեմբեր 1934-ին, վեցերորդը` 12 զաւակներու տէր ընտանիքի մը: Ծնողքը ապաստանած էր Հալէպ, Թուրքիոյ Մարտին քաղաքի ջարդերէն ետք: Ընտանիքը վերջնականապէս կը հաստատուի Լիբանան 1938-ին:

Իր նախնական ուսումը ստացած է Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրերներու Նոթրը Տամ դպրոցին մէջ:

Կը մտնէ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, Զմմառ ապա Ճիւնի, ու կը յաճախէ Մարիսթ Ֆրերներու վարժարանը:

Պաքալորէան առնելէ ետք` կ’ուղարկուի Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանը, ուր վեց տարի կը յաճախէ Յիսուսեան հայրերու քահանայապետական Գրիգորեան (Կրեկորիանա) համալսարանը` ստանալով սքոլասթիք փիլիսոփայութեան պաքալորէան եւ աստուածաբանութեան լիսանսի վկայականը:

Ուսումը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը ձեռնադրուի Զմմառու միաբան կուսակրօն վարդապետ 28 Մարտ 1959-ին, ձեռամբ վսեմաշուք կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքի, որ նախագահն էր Ժողովուրդներու աւետարանացման համաժողովին:

1960 թուականին եղած է Զմմառու փոքր ընծայարանի փոխտեսուչ եւ փոխժողովրդապետ Ճիւնիի մէջ, ուր մէկ տարի պաշտօնավարելէ ետք, կ’անուանուի տնօրէն Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին: Տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ 9 տարի` 1962 թուականէն 1996 թուականը:

1969-ին կ’ընտրուի ընդհանուր մատակարար Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան:

1976 թուականին կը նշանակուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմին ծառայելու, իսկ 3 յունուար 1977-ին` Պօղոս Զ. սրբազան պապը զինք կը նշանակէ տիտղոսաւոր Եպիսկոպոս Ամիտայի (Տիարպեքիր) հայոց եւ առաքելական եկզարք ֆրանսաբնակ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն:

Եպիսկոպոս կ’օծուի 13 փետրուար 1977-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

20 Յունիս 1986-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. սրբազան պապը Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար կը ստեղծէ Փարիզի Ս. Խաչ թեմը եւ զինք կը նշանակէ առաջին եպիսկոպոսը այդ թեմին:

15 հոկտեմբեր 1988-ին կը նշանակուի առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի հայոց, որոնք զուրկ էին տեղական առաջնորդէ:

1997-ին կ’աւարտէ «Քրիստոնէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութեան հրատարակութիւնը, որուն թարգմանութիւնն ու տպագրութիւնը վարած էր:

1997-էն 2014 վարած է Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ընդհանուր մատակարարի պաշտօնը:

2005-ին եւ 2009-ին ան կը կազմակերպէ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ այժմ Ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ` Ս. Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած երկու գիտաժողով, որոնց զեկուցումներուն հրատարակութիւններն ալ կը հոգայ:

7 ապրիլ 2013-ին, երբ կը հաստատուի իր յաջորդը` Արհի. հայր Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեան, իբրեւ թեմին առաջնորդ, ան կը դառնայ վաստակաւոր եպիսկոպոս Ֆրանսայի թեմին, որուն ծառայած էր իբրեւ առաջնորդ 36 տարիներ շարունակ:

25 յունիս 2015-ին երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի վախճանումէն ետք, եւ ըստ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագիրին ան, իբրեւ մնայուն Սիւնհոդոսի կարգերէց եպիսկոպոս, կը դառնայ պատրիարքական կառավարիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:

25 յուլիս 2015-ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքական եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը զինք կ’ընտրեն 20-րդ կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ ան կ’առնէ Գրիգոր Պետրոս Ի. անունը:

Նորընտիր պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ նոյն տարուան օգոստոս 9-ին Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Արցախի Վերջին Զարգացումները

Յաջորդը

Ցաւակցագիր

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.