Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան գծով իր զօրակցութիւնը միաժամանակ նախագահ զօրավար Միշել Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին: «Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան» տօնին առիթով արտասանած իր պատկերասփռուած խօսքին մէջ Նասրալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկին պատճառը տեղական է եւ ոչ այնքան` արտաքին ազդակներու հետեւանք: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին այցելելու Պաապտայի պալատ եւ նախագահ Միշել Աունի հետ երկարատեւ, մարաթոն խորհրդակցութիւններ ունենալու մինչեւ կառավարութեան կազմութեան հարցին լուծումը: «Այլապէս, Լիբանանի քաղաքական այս կացութեան մէջ լաւագոյն բարեկամը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին է, որուն կարելի է վստահիլ այս հարցին լուծումը», շեշտեց Նասրալլա` անուղղակի պատգամ ուղղելով, որ ժամանակը հասած է վերջ տալու կառավարութեան կազմութեան թնճուկի հարթումին:
Նասրալլա նաեւ իր խօսքին մէջ յղեց արտաքին պատգամ մը` ուղղուած առնչակից կողմերուն, յատկապէս` իսրայէլեան պատկան իշխանութիւններուն` ընդգծելով, որ Լիբանան Կազա չէ, եւ զգուշացնելով լիբանանեան ճակատին դէմ որեւէ յարձակումի «յիմարութիւն» չգործելու: Նասրալլա նաեւ կարմիր գիծ նկատեց իսլամ թէ քրիստոնեայ սրբավայրերուն վրայ յարձակումները, որոնք պիտի չներուին ու անպատասխան պիտի չմնան: Ան զգուշացուց յատկապէս երեք կրօններ համախմբող Երուսաղէմի դէմ որեւէ թշնամական ոտնձգութենէ` ընդգծելով, որ այդպիսով կը գծուի «Երուսաղէմ` ընդդէմ շրջանային պատերազմ» մարտավարական նոր տարազը:
Իր խօսքի պահուն Նասրալլա չկրցաւ ծածկել իր անհանգստութիւնը եւ այդ գծով դիտողներու ներողամտութիւնը խնդրեց:
Իսրայէլեան հակազդեցութիւնը չուշացաւ եւ պատկան աղբիւրներ «խիստ վտանգաւոր» նկատեցին Նասրալլայի արձակած պատգամները: Աւելի՛ն, իսրայէլեան իշխանութիւններ յատուկ արտօնութիւն տուին մասնագէտ փորձագէտներու եւ բժիշկներու` հետեւելու Նասրալլայի խօսակցական ոճին եւ վերլուծելու անոր հիւանդութեան իսկութիւնն ու բնոյթը:



