Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Ազրպէյճանական Ոտնձգութիւն` Գեղարքունիքի Շրջանին Մէջ. Մէկ Նահատակ` Հայաստանի Զինեալ Ուժերէն

May 27, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 մայիս 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:20-ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով), Ազրպէյճանի զինուած ուժերու խումբ մը զինուորներ, իրենց հրամանատարներուն կազմակերպութեամբ, ապօրինի կերպով հատեցին Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Վերին Շորժա բնակավայրի սահմանային հատուածի Հայաստանի պետական սահմանը եւ, ունենալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու դիտաւորութիւն` բռնութեան կոչեր ուղղեցին նշեալ շրջանին մէջ պահպանութիւն իրականացնող Հայաստանի զինուած ուժերուն նկատմամբ` պահանջելով դիմադրութիւն ցոյց չտալ ու ազատել տարածքը:

Այդ դէպքին լոյսին տակ յառաջացած վիճաբանութեան ընթացքին, անոնք դիտմամբ կրակոցներ արձակեցին Հայաստանի զինուած ուժերուն ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ N զօրամասի պայմանագրային զինուոր, կրտսեր քսանապետ, 1989-ի ծնունդ Գ. Խուրշուդեան վիրաւորուեցաւ որովայնէն: Ան տեղափոխուեցաւ Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոցը, ուր մահացաւ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ զինուորի նահատակութեան` նշելով, որ Ազրպէյճան կը փորձէ քողարկել Հայաստանի տարածքին մէջ ապօրինի զինուորական գործողութիւնները` շրջանառութեան մէջ դնելով կեղծ տեղեկատուութիւն:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ հայկական կողմը պատրաստ է ներգրաւելու միջազգային հետաքննութիւն` նշեալ մահաբեր դէպքին բոլոր հանգամանքները յստակացնելու նպատակով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութեան` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ կատարուած բացայայտ   ոտնձգութիւնը` զայն նկատելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու խախտում:

 

Նախորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Պայտընի Վարչակազմէն Կը Պահանջեն Ազրպէյճանը Զրկել Զինուորական Օգնութենէն Եւ Դադրեցնել «907-րդ Բանաձեւ»-ի Կատարումէն Հրաժարելու Հոլովոյթը

Յաջորդը

Զարիֆ. «Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Սահմանները Եւ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Կարմիր Գիծեր Են»

RelatedPosts

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.