Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը նշեց. «Սուէյտա քաղաքի հեղինակներուն եւ երեւելիներու հետ զինադադարի համաձայնութիւն կնքելէ ետք, օրինազանց ուժերը քաղաքին մէջ վերստին յարձակում գործեցին բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն վրայ: Նախկին հաղորդագրութիւններուն մէջ շեշտեցինք, թէ բանակի ուժերը իրաւունք ունին կրակոցի աղբիւրներուն հակադարձելու»:
Տեղեկատուութեան գրասենեակը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Բանակի ուժերը կը շարունակեն հակադարձել Սուէյտա քաղաքին մէջ կրակոցի աղբիւրներուն` բնակիչները պաշտպանելու, անոնց վնաս հասնիլը արգիլելու եւ քաղաքէն հեռացածներուն իրենց տուներ ապահով վերադարձը երաշխաւորելու համար` յարգելով բախումներու կանոնները»:
Նախարարութիւնը քաղաքի բնակչութեան յանձնարարեց «մնալ իրենց տուները եւ օրինազանց խմբաւորումներէն մնացածներուն մասին տեղեկացնել»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ սուրիական վարչակազմի ուժերուն վրայ յարձակում գործել, մինչեւ որ Սուէյտայէն հեռանան»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը:
«Սուրիոյ տիւրզիները պիտի չլքենք եւ պիտի պարտադրենք մեր որոշած ապազինման քաղաքականութիւնը», նշեց ան:
«Սուրիական վարչակարգը պէտք է հանգիստ ձգէ Սուէյտայի տիւրզիները եւ իր ուժերը ետ քաշէ», յայտնեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
Քաց աւելի ուշ յայտարարեց. «Սուրիոյ վրայ յարձակումներուն կշռոյթը պիտի բարձրանայ, եթէ պատգամը չհասկնան»:
«Սուրիոյ հարաւը ապազինեալ շրջան պիտի ըլլայ», նշեց ան` աւելցնելով. «24 ժամէ ի վեր հետզհետէ մագլցում արձանագրած յարձակումներ կը գործենք եւ կը թիրախաւորենք Սուէյտայի մէջ վարչակարգին պատկանող դիրքեր»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ իսրայէլեան բանակը յաւելեալ երկու վաշտեր տեղակայած է: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը յայտնեց. «Յուսանք չենք ստիպուիր ցամաքային ուժերով մուտք գործել Հարաւային Սուրիա, եւ այդ մէկը չենք բացառեր»:
«Արապիա» հաղորդեց, թէ իսրայէլեան բանակը յայտարարած է, թէ Դամասկոսի մէջ սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղիին մուտքի դարպասը հարուածած է: «Ժազիրա» իր կարգին նշեց. «Մեծ պայթում մը ցնցեց Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղին»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, թէ Դամասկոսի վրայ իսրայէլեան յարձակումը նախազգուշացման յարձակում է, եւ թիրախաւորած է Դամասկոսի մէջ սուրիական բանակի գլխաւոր ռազմակայանի մերձակայքը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, յղում կատարելով ապահովական աղբիւրի մը, հաղորդեց. «Դամասկոսի մէջ յարձակումներուն թիրախները նախագահական պալատը եւ սուրիական սպայակոյտի կեդրոնատեղին էին»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, մէջբերելով իսրայէլեան բանակը, հաղորդեցին. «Կը պատրաստուինք Սուրիոյ վարչակարգին պատկանող կառավարական յաւելեալ թիրախներու վրայ յարձակում գործել»:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանն ալ նշեց. «Սպայակոյտի պետը ցուցմունք տուաւ ուժեր Կազայէն Կոլանի բարձունք տեղափոխելու»:
Նախքան այդ, «Աքսիոս» հաղորդած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը Իսրայէլէն պահանջած է դադրեցնել երկրի հարաւին մէջ սուրիական ուժերը թիրախաւորող իր օդային հարուածները:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան կայքին յայտնած էր, թէ Իսրայէլ ամերիկեան կողմին տեղեկացուցած է, թէ երեքշաբթի գիշերէն սկսեալ պիտի դադրեցնէ այդ յարձակումները:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի Սուէյտա շրջանին մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է»:
«Իսրայէլեան բանակը աշխատանք կը տանի փրկելու մեր տիւրզի եղբայրները եւ ոչնչացնելու սուրիական վարչակազմի աւազակախումբերը», յայտարարեց Նեթանիահու:
«Իսրայէլի տիւրզի քաղաքացիներուն կ՛ըսենք` չըլլայ որ սահմանէն Սուրիա անցնիք, որովհետեւ ձեր կեանքը կը վտանգէք եւ կրնաք սպաննուիլ», աւելցուց ան:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին համաձայն, Սուէյտայի մէջ բախումներուն պատճառով արձանագրուած է 248 զոհ:
Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք յայտարարեց. «Կտրուկ կերպով կը դատապարտենք Սուէյտայի մէջ քաղաքայիններու դէմ բռնարարքը: Վերջակէտ: Բոլոր կողմերը պէտք է նահանջեն եւ ներգրաւուին լուրջ երկխօսութեան մէջ, որ կը յանգեցնէ տեւական զինադադարի, եւ պէտք է յանցագործները հաշուետուութեան ենթարկել»:
Իսրայէլի մէջ տիւրզիներու ղեկավար շէյխ Մուաֆֆաք Թարիֆ յայտարարեց. «Պէտք է սուրիական վարչակարգին ստիպել հեռանալ Սուէյտայէն, որովհետեւ ասիկա գոյութենական պայքար է»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ու պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց պէտք է տիւրզի համայնքին եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ ընտրանք մը կատարեն», ըսաւ ան:
Լիբանանեան Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Գալիլիոյ մեր ժողովուրդը պիտի սկսի գործի լծուիլ: Լիբանանի մէջ բոլորէն կը խնդրենք մասնակից դառնալ»:
«Ռմբակոծումը այսօր Սուէյտա քաղաքի բնաջնջման ծրագիր է, եւ պէտք է բոլորը գործի լծուին», ըսաւ ան:
Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Հիքմեթ Հըժրի միջազգային ընտանիքին եւ աշխարհի ազդու ուժերուն կոչ ուղղեց` Սուէյտա նահանգը պաշտպանելու համար շտապ միջամտութիւն կատարելու:
«Նախ եւ առաջ կը դիմենք նախագահ Տանըլտ Թրամփին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ բոլոր անոնց, որոնք այս աշխարհի վրայ ձայն եւ ազդեցութիւն ունին` փրկեցէ՛ք Սուէյտան», ըսաւ Հըժրի` աւելցնելով, որ նահանգի բնակիչները «կը բնաջնջուին, սառնասրտօրէն կը սպաննուին, առանց մեծի կամ փոքրի, կնկայ կամ երեխայի, բժիշկի կամ շէյխի խտրութեան»:
«Ինկաւ այս անարդար եւ բռնակալ իշխող խմբաւորման դէմքէն դիմակը: Մեր սիւննի հարազատներուն կոչ կ՛ուղղենք յստակ դիրքորոշում ճշդելու իրենց սուրիացի եղբայրներուն հետ պատահողին նկատմամբ: Երբեք թշնամի կամ հակառակորդ չենք եղած, եւ այլեւս անկարող ենք գոյակցիլ վարչակարգի մը հետ, որ իշխելէն միայն բռնութիւնը գիտէ, իսկ իշխանութենէն միայն դաժանութիւնն ու չարաշահումը», յայտարարեց տիւրզիներու հոգեւոր պետը:
«Ձեզի ուղղուած մեր կոչը քաղաքական չէ, այլ մարդասիրական եւ բարոյական: Նախքան ուշ ըլլալը, փրկեցէ՛ք ժողովուրդ մը, որ կը սպաննուի պարզապէս կեանք եւ արժանապատուութիւն պահանջելուն համար», աւելցուց շէյխ Հըժրի:
Սուրիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց. «Ուշադրութեամբ կը հետեւինք ցաւալի խախտումներուն, որոնց ենթարկուեցան Սուէյտա նահանգին կարգ մը շրջանները»` նշելով. «Արարքները, որոնք ոճրային վարմունքի ծիրին մէջ են, որեւէ պայմանի մէջ կարելի չէ ընդունիլ, եւ անոնք կը հակասեն պետութեան սկզբունքներուն»:
«Մեր ամբողջական յանձնառութիւնը կը յայտնենք հետաքննելու Սուէյտայի բոլոր դէպքերը եւ հաշուետուութեան ենթարկելու անոնց մեղսակիցները», նշեց նախագահական պալատը` աւելցնելով. «Ծայր աստիճան առաջնահերթ կը նկատենք Սուրիոյ բոլոր կողմերուն մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան պաշտպանութիւնը»:
«Սուէյտայի մէջ մեր հարազատներուն կը վստահեցնենք, թէ իրենց իրաւունքները միշտ ալ ապահովուած պիտի ըլլան, եւ որեւէ կողմի պիտի չարտօնենք անոնց անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը խաթարել», յայտարարեց Սուրիոյ նախագահական պալատը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Դամասկոսի կեդրոնին վրայ Իսրայէլի յարձակումները Սուրիոյ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը խափանելու փորձ կը նկատուին»: