Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին նշանակեց հնդկական կանեփի եւ քաղաքային թռիչքներու մարմինները, ինչպէս նաեւ յետաձգեց հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի մարմիններու նշանակումը եւ անոնց անդամակցութեան թեկնածութեան առաջադրման ժամկէտը երկարաձգեց յաւելեալ երկու շաբաթով:
Տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտէն ետք յայտնեց, թէ նախագահ Ժոզեֆ Աուն նախարարներուն ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու նախարարներու Լիբանանի աջակցութեան վերաբերեալ հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը:
Մըրքոս նշեց, թէ նախագահ Աուն անդրադարձած է վեց ամսուան ընթացքին կառավարութեան իրագործած ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ այն բարեկարգումներուն, որոնք իրագործած է, եւ շնորհաւորած է կառավարութիւնը չորեքշաբթի օր խորհրդարանին վստահութեան քուէին արժանանալուն համար: