Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Վերադառնանք» Նշանաբանով` ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակում Հայաստանի Մէջ

Յուլիս 16, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
                                         (Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

15 յուլիսին Երեւանի մէջ` Նեմեսիսի յուշարձանին մօտ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի պաշտօնական բացման արարողութիւնը` մասնակցութեամբ 17 երկիրներէ 400 երիտասարդներու:

Բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ:

Խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Համահայկական բանակումի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ժոր Աւդալեան:

Յովսէփ Տէր Գէորգեան շեշտեց, որ, հակառակ անոր որ միջազգային հանրութիւնը, մեր թշնամիները եւ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն փակել Արցախի էջը,  բայց եւ այնպէս մենք պէտք չէ հրաժարինք ազատագրական պայքարէն:

Ան դիտել տուաւ, որ բանակումը տեղի կ՛ունենայ շրջանային եւ համաշխարհային բախումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժամանակաւոր կորուստի ու Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդդիմութեան, մասնաւորաբար Դաշնակցութեան վրայ յարձակումներու պայմաններուն մէջ:

«Հակառակ անոր որ ներկայիս պառակտուած է հայութիւնը, եւ աշխատանք կը տարուի Հայաստանը սփիւռքէն հեռացնելու, այս համահայկական բանակումով, ՀՅԴ երիտասարդութիւնը օրինակը կու տայ համահայկական համախմբուածութեան եւ սփիւռքէն մեծ թիւերով Հայաստան գալով կ՛ամրապնդէ Հայաստան-սփիւռք կապը: Հակառակ անոր որ յուսալքուած եւ հոգեպէս ընկրկած է հայ ժողովուրդի ստուար հատուած մը, այս բանակումը կը միաւորէ ՀՅԴ մարտունակ երիտասարդութիւնը. Նայեցէ՛ք անոնց աչքերուն մէջ, հոն պիտի տեսնէք համարձակութիւն, բոցավառող պայքարի ոգի ու յաղթանակի կամք: Հակառակ անոր որ մեր թշնամիներու եւ անոնց կամակատար իշխանութիւններուն կողմէ թիրախաւորուած է դաշնակցական երիտասարդութիւնը, հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ աշխարհի տարբեր անկիւններէն եկած են հայրենիք, թիկունք կանգնելու իրենց ընկերներուն:  Հակառակ անոր որ կը փորձուի ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացնել իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, մեր գործունէութիւնը կը փաստէ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը ձգտի իր տեսլականները իրականացնել նորարարական եւ յառաջդիմական ծրագիրներով: Միեւնոյն ատեն, մենք կը մնանք կառչած մեր գաղափարական հիմնասիւներուն, ի մասնաւորի ազգային եւ յեղափոխական նկարագիրին», հաստատեց Տէր Գէորգեան:

Հաստատելով, որ երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնն է տէրը ՀՅԴ-ի դաւանանքին ու անոր անգնահատելի ժառանգութեան` Բիւրոյի անդամը կոչ ուղղեց` շարունակելու հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ ազգային, հասարակական, քաղաքական, մշակութային, կրթական, յարաբերական ոլորտներու մէջ առաջնագիծի վրայ մնալ, չազդուիլ հալածանքներէ ու մոլորեցնող ազդակներէ,  նորարար միտքերով, մարտունակ ոգիով, անպարագիծ աշխարհահայեացքով ուժ ու կորով ներշնչելու շրջապատին:

Իշխան Սաղաթէլեան շատ կարեւոր ու խորհրդանշական նկատեց հայութեան եւ պետութեան դիմագրաւած այս ծանր օրերուն աշխարհի 17 երկիրներէ շուրջ 400 երիտասարդներու համախմբումը մայր հայրենիքի մէջ: «Սա պատասխան է բոլոր նրանց, ովքեր անցնող բոլոր տարիների ընթացքում ամէն ինչ արել են Հայաստան-սփիւռք կապը խաթարելու համար` արգելելով նաեւ մեր սփիւռքահայ երիտասարդների մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն: Սա պատասխան է բոլոր նրանց, ում թւում է դաշնակցական երիտասարդներին ապօրինի կալանաւորելով կարող են զերծ պահել հայ ժողովրդի հաւաքական իրաւունքների համար պայքարելուց: Ամէն հարուածից յետոյ Դաշնակցութիւնը աւելի է ուժեղանում, ամրանում եւ ազգային նպատակներին հասնելու համար աւելի հետեւողական պայքար մղում», շեշտեց ան:

Ըստ Իշխան Սաղաթէլեանի, բանակումները ժամանցային ճամբարներ չեն կամ  զբօսաշրջային այցելութիւններ, այլ Դաշնակցութեան գաղափարներու դարբնոցներ են: Նկատի ունենալով, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը մեր ժողովուրդի ճակատագրական պահերուն իր դերակատարութիւնը ստանձնած ու պատուով կատարած է, ան վստահութիւն յայտնեց, որ «Վերադառնալու ենք» կարգախօսով այս բանակումն ալ իր դրական արդիւնքները պիտի տայ:

«Մենք հայրենիքի կողքին ենք` առանց ետ կանգնելու, առանց սահմաններ եւ հեռաւորութիւն ճանաչելու, անկախ նրանից, թէ այսօր ովքե՛ր են ղեկավարում մեր երկիրը կամ ինչպիսի՛ բռնաճնշումներով են փորձում մեզ լռեցնել», յայտարարեց Ժոր Աւդալեան` շեշտելով, որ դաշնակցական երիտասարդներուն համար ամէն ինչէ վեր են հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայելը, իսկ մնացած ամէն ինչ` ասոր ծառայելու միջոց: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայի բոլոր դժուարութիւններուն դաշնակցական երիտասարդներուն պատասխանը դաշնակցական կազմակերպուած երիտասարդութիւնն է` յստակ գաղափարով, գիտակցուած նպատակով եւ անվերապահ նուիրուածութեամբ:

Եզրափակիչ խօսքին մէջ Մհեր Գարագաշեան հաստատեց, որ պիտի վերադարձուի Արցախը, պիտի վերադառնան ռազմագերիները, «մենք ժողովուրդին կը վերադարձնենք յոյսն ու հաւատքը, այս մէկն է, որ պէտք է ընէ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ բանակումը կոչուած է Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը միաւորելու, ինչպէս նաեւ անցեալին, ներկային եւ ապագային միջեւ կապ հաստատելու:

«Դաշնակցութիւնը իր 135-ամեայ պատմութեան ընթացքին չէ կորսնցուցած վճռականութիւնը, այդ պատճառով ալ ան հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար մղուած պայքարին մէջ յառաջատար ուժ դարձած է: Մենք պէտք է իրականացնենք իսկական Հայաստանի հայեցակարգը, կը շեշտեմ` իսկակա՛ն Հայաստանի, իրական, եւ ոչ թէ այլասերած ժողովրդավարութեան գաղափարը», ընդգծեց Մհեր Գարագաշեան:

Բացման արարողութենէն ետք մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձան, ուր ծաղիկներ զետեղուեցան` իբրեւ յարգանք անոր յիշատակին:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Միջին Արեւելքի Ցամաքամասային Առաջին Բանակումը Ընթացք Առաւ Պասքինթայի Մէջ` Աւելի Քան 1000 ՀՄԸՄ-ականներու Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?