Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Հաշուետուութեան  Պիտի Ենթարկեն Իրանեան Վարչակարգին  Ֆինանսական Աջակցութիւն Ցուցաբերող Կողմերը

Միացեալ Նահանգներ Հաշուետուութեան Պիտի Ենթարկեն Իրանեան Վարչակարգին Ֆինանսական Աջակցութիւն Ցուցաբերող Կողմերը

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ հաշուետուութեան պիտի ենթարկեն այն կողմերը, որոնք իրանեան վարչակարգին ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն»: «Պէտք է իրանեան տնտեսութեան երակներու մնացորդին վրայ ելեւմտական ճնշումը շարունակել», նշեց նախարարութիւնը: Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցները միակողմանի են, եւ անոնց աջակցելու որոշում չկայ»: Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Շնորհիւ մեր որդեգրած...

Ապտի Սուրիոյ Նախագահական Պալատէն.  «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Լուծարումն  Ու Պետութեան Հաստատութիւններուն Մէջ Ամբողջական  Համարկումը Կը Յայտարարենք»

Ապտի Սուրիոյ Նախագահական Պալատէն. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Լուծարումն Ու Պետութեան Հաստատութիւններուն Մէջ Ամբողջական Համարկումը Կը Յայտարարենք»

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարումն ու պետութեան հաստատութիւններուն մէջ ամբողջական համարկումը յայտարարեց: «Այսօր կանգնած ենք պատմական պահու մը առջեւ, երբ կը փակենք Սուրիոյ պատմութեան մէկ կարեւոր էջը եւ կը բանանք նոր էջ մը, որուն խորագիրը խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ կառուցում է», նշեց ան: «Այսօր պայմանները փոխուած...

Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին

Խմբագրական. Ո՛չ-ի Շարժումը` Նոր Հանգրուանի Ուղի

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի 36-ամեակը ուղերձներէն, մտորումներէն, խորհուրդի անդրադարձներէն անդին կարեւորագոյն ելակէտի վերածուելու ուղենիշը կը պարփակէ իր մէջ այս օրերուն: Շարժումի մը ելակէտին վերածուելու լուռ եւ բացայայտ պատգամը կ՛ամփոփէ իր մէջ, ուժերու համախմբման եւ հռչակագիրի սահմանադրականութիւնը պահելու ուղղութեամբ: Գործող իշխանութիւնները բացայայտ կը յայտարարեն նոր սահմանադրութեան ընդունման մասին: Նոր սահմանադրութեան ամբողջ շարժառիթը Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրական ուժէն զրկելու քայլին մէջ կը կայանայ:...

Պեսենթ. «Իրանի Վրայ Պիտի Սկսինք  Ելեւմտական Յարձակում Մը, Որ Իր Տեսակին Մէջ  Բացարձակապէս Մեծագոյնն Է»

Պեսենթ. «Իրանի Վրայ Պիտի Սկսինք Ելեւմտական Յարձակում Մը, Որ Իր Տեսակին Մէջ Բացարձակապէս Մեծագոյնն Է»

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքաթ Պեսենթ յայտնեց. «Իրանի տնտեսական հաշուետուութեան օրը կը մօտենայ»` յայտարարելով. «Ուաշինկթըն այսօր արշալոյսին պիտի սկսի Թեհրանի վրայ իր տեսակին մէջ բացարձակապէս մեծագոյն ելեւմտական յարձակում մը»: Պեսենթ բացատրեց, որ նշեալ քայլի նպատակը կտրել է տնտեսական ամէն երակ, որ կը նպաստէ իրանեան վարչակարգին ոտքի մնալուն` զգուշացնելով երկիրները իրենց ճակատագիրը Թեհրանին կապելէ` նշելով, որ ատիկա անոնց առջեւ դէպի տեւական...

Շիպանի Կիրակի Օր Յորդանանի Մէջ Հանդիպում  Ունեցած Է Մոսատի Ղեկավարին Հետ

Շիպանի Կիրակի Օր Յորդանանի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Մոսատի Ղեկավարին Հետ

Երկու աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի կիրակի օր` Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի մէջ օդուժի ռազմակայանի մը վրայ իսրայէլեան յարձակումէն քանի մը օր ետք Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած է Մոսատի ղեկավար Ռոման Կոֆմանի հետ: Դիւանագիտական աղբիւր մը եւ սուրիական կառավարութենէն աղբիւր մը յայտնած են, որ անոնք քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Յորդանանի մէջ...

Փաշինեան. «Նոր Սահմանադրութեան Մէջ  Անկախութեան Հռչակագիրին Յղում Պէտք Չէ Ըլլայ»

Փաշինեան. «Նոր Սահմանադրութեան Մէջ Անկախութեան Հռչակագիրին Յղում Պէտք Չէ Ըլլայ»

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրին նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում պէտք չէ ըլլայ: Ան ժամկէտներու մասին այդպէս ալ չխօսեցաւ, բայց ըսաւ, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ ամիսներուն: Կիրակի օր Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման տարեդարձին առիթով Փաշինեանը վերջին հինգ տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ուղերձ չյղեց: «Նոր Սահմանադրութեան մէջ յղում...

Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»

Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»

Եթէ Հայաստանը այլեւս ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու կարիքը չունի, ապա Երեւանը ազատ է որդեգրելու համապատասխան որոշում եւ կազմակերպութենէն դուրս գալու: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ես կը դժուարանամ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ` գոհ պիտի ըլլար, եթէ իրեն հեռացնէին: Եթէ Երեւանը իր ազգային շահերէն մեկնելով այլեւս կարիք չունի շրջանային անվտանգութեան ապահովման այսքան կարեւոր կազմակերպութեան անդամակցելու, ապա ան ազատ է...

Փաքիստանեան Բանակի Հրամանատարը  Այսօր Թեհրան Կ՛այցելէ

Փաքիստանեան Բանակի Հրամանատարը Այսօր Թեհրան Կ՛այցելէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր այսօր պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Թեհրան պիտի այցելէ: Պաղայի նշեց, որ սպասուող այցելութեան նպատակը Իրանի ու Փաքիստանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդումն է եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան աջակցութեան Իսլամապատի ջանքերու շարունակութիւնը: Մունիր հանդիպում պիտի ունենայ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին...

Սաար. «Սուրիոյ Մէջ Թրքական  Ռազմակայաններու Ստեղծումը  Պիտի Չընդունինք»

Սաար. «Սուրիոյ Մէջ Թրքական Ռազմակայաններու Ստեղծումը Պիտի Չընդունինք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ մագլցումին մէջ որեւէ շահ չունինք: Սուրիոյ մէջ մեր շահը կայունութեան ապահովումն ու ներկայ ապահովական կացութեան պահպանումն է»` նշելով. «Թուրքիան քանի մը տարիէ ի վեր ներկայ է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»: «Այն, ինչ որ չենք կրնար ընդունիլ ու չենք ուզեր տեսնել, Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմակայաններու ստեղծումը կամ թրքական զինուորական ուժերու հարաւ իջնելն է:...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը` Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրի 36-Ամեակին Առիթով

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1990 թուականի օգոստոսի 23-ին, բարդագոյն պայմաններում, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը հռչակեց մեր անկախ պետականութեան ստեղծման գործընթացի մեկնարկը: Հակառակ քաղաքական տարաձայնութիւններին, Անկախութեան հռչակագիրը ընդունուեց համախոհութեամբ, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական գրեթէ բոլոր ուժերի ներգրաւմամբ: Այն ամրագրեց Հայոց անկախ պետականութիւնը վերականգնելու քաղաքական, պատմական, իրաւական, տնտեսական եւ մշակութային հիմնասիւները: Մէկ տարի անց` 1991-ի սեպտեմբերի 21-ին, համաժողովրդական հանրաքուէով ամրագրուեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Հռչակագիրը դարձաւ մեր...

Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար

Երեւան Պաքուի Մէջ Պահուող Գերիներուն Հետ Տեսակցելու Հարցով Դիմած Է Երրորդ Երկրի

«Սփութնիք Արմէնիա» լրատուամիջոցին կողմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած գրաւոր հարցումին ի պատասխան` նախարարութիւնը հաստատեց, որ  Հայաստան դիմած է երրորդ` չէզոք երկրի, հիւպատոսական այցելութիւն կազմակերպելու եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հետ տեսակցելու խնդրանքով, սակայն նման այցելութեան կազմակերպման համար անհրաժեշտ է Պաքուի համաձայնութիւնը: Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ` հայ գերիներուն հետ...

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ  Իտալիոյ Վարչապետին Հետ

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Իտալիոյ Վարչապետին Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ուրբաթ երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանան-Իտալիա յարաբերութիւններն ու բոլոր ոլորտներուն մէջ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Ան Մելոնիին շնորհակալութիւն յայտնեց «Իտալիոյ` տարբեր մակարդակներու վրայ Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան համար»: Նախագահական պալատը հաղորդեց. «Նախագահ Աուն Մելոնիի հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութեան լոյսին տակ,...

Ակնարկ.  Միջնորդութեան Ետին

Ակնարկ. Միջնորդութեան Ետին

Թուրքիա-Իսրայէլ հռետորաբանական-տեղեկատուական լարուածութեան խորապատկերին վրայ կ՛երեւի Անգարայի յատուկ պատուիրակութեան այցելութիւնը Պէյրութ: Կը նշուին երկու անձնաւորութիւններ` Էրտողանի զաւակը, որուն կը վերագրուի մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութիւններու ծրագիրներու պատասխանատուութիւն, եւ արտաքին հետախուզութեան պետը: Անսպասելի չէր, որ երկու ուղղութիւններով ալ փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպուէին, մանաւանդ նկատի ունենալով վարչապետին եւ ապա նախագահին կատարած այցելութիւնները Անգարա, այնտեղ հնչած յայտարարութիւնները եւ հետագայ գործընթացի ուղենշային կէտերը: Ամփոփենք այս այցելութիւններուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Կ՛ընդունի Ազգային Հանդիպումի  Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կ՛ընդունի Ազգային Հանդիպումի Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 20 օգոստոս 2026-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային հանդիպումի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիպումի` քաղաքական ուժերու եւ ազգային դէմքերու հետ ունեցած տեսակցութիւններու ծիրին մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, ներկայ քաղաքական...

Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու  Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու  Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Թրամփ. «Իրան Կարգ Մը Հրթիռներ Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ունի, Սակայն Զանոնք Արտադրելու Անոր Կարողութիւնը Չափազանց Ցած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»` նշելով, որ Միացեալ Նահանգները Հորմուզի նեղուցին կը վերահսկեն: Թրամփ աւելցուց, որ եթէ Իրան հիւլէական զէնք ունենար, զայն կ՛օգտագործէր եւ «Իսրայէլն ու ամբողջ Միջին Արեւելքը կ՛ոչնչացնէր»: Ան ըսաւ, որ Իրան վերածուած է շրջանին մէջ գերիշխող ուժը եւ «բոլորը բռնածաղրի կ՛ենթարկէ»: Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, որ ամերիկեան ուժերը ոչնչացուցած...

Այցելելով Սուր`  Սալամ. «Լիբանանցիները Մէկ Բանակ  Եւ Մէկ Պետութիւն Ունենալուն  Այլընտրանքը Չունին»

Այցելելով Սուր` Սալամ. «Լիբանանցիները Մէկ Բանակ Եւ Մէկ Պետութիւն Ունենալուն Այլընտրանքը Չունին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան հասաւ Սուր քաղաք` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆայի, եւ ուղղուեցաւ լիբանանեան բանակի «Պենուա Պարաքաթ» զօրանոց, ուր զինք ընդունեցին պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան, բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէն եւ Լիթանիէն հարաւ շրջանի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Նիքոլա Թապեթը: Սալամ զօրանոցին մէջ սպաներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այն, ինչ, որ Հարաւի, ինչպէս նաեւ...

Զոնապենտ Եւ Սահակեան Հանդիպեցան  Կառավարութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Զոնապենտ Եւ Սահակեան Հանդիպեցան Կառավարութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերը պաշտպանող, «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Սիրանուշ Սահակեան եւ Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ, 17 օգոստոսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու վարչութեան, գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնախումբի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին...

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ Մարդու  Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Եւ Հանրային  Հարցերու Մշտական Յանձնախումբի Նախագահ

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Եւ Հանրային Հարցերու Մշտական Յանձնախումբի Նախագահ

Երէկ` 20 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է մշտական յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւն: Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին մէջ ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը: Յայտնենք, որ Ազգային ժողովի միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան` «Ուժեղ Հայաստան»-ի առաջադրած բոլոր երեք թեկնածուները չընտրուեցան Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնախումբերու նախագահներ: Իր ընտրութենէն...

Խաչատրեան. «Փաշինեանը Հող Կը Նախապատրաստէ  Տիգրանաշէնը Յանձնելու Համար

Խաչատրեան. «Փաշինեանը Հող Կը Նախապատրաստէ Տիգրանաշէնը Յանձնելու Համար

«Տիգրանաշէն գիւղը Ազրպէյճանի վերահսկողութեան հաւանական յանձնելը անմիջական սպառնալիք պիտի ստեղծէ անվտանգութեան համար եւ պիտի կտրէ Հայաստանի կեդրոնը անոր հարաւին հետ կապող առանցքային փոխադրական զարկերակները»: Այս մասին 20 օգոստոսին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» դաշինքի խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը: Մեկնաբանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները անքլաւներու եւ սահմաններու սահմանազատման վերաբերեալ` պատգամաւորը շեշտած է, որ...

Թրամփ Իրանի Դէմ Աննախադէպ  «Տնտեսական Պատերազմ» Յայտարարեց

Թրամփ Իրանի Դէմ Աննախադէպ «Տնտեսական Պատերազմ» Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ շղթայազերծած է «տնտեսական ամէնէն հզօր եւ զգետնիչ գործողութիւնը», որ պիտի ըլլայ «աննախադէպ մակարդակի տնտեսական պատերազմ մը եւ մեկուսացում մը»: Ան այս քայլը նմանցուց «տնտեսական ցամաքահանման օր»-ի` ակնարկելով Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Նորմանտիի ցամաքահանման: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն կոչ ուղղեց` անոնց կողքին կանգնելու, մեկուսացնելու համար «իրանեան սպառնալիքն ու զայն պարտութեան մատնելու»: Ան...

Page 8 of 795 1 … 7 8 9 … 795

Արխիւներ