Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպում Ունեցան Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Եւ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավարին Հետ

October 13, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանն ու խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը 12 հոկտեմբերին անջատ հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանին եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ:

Իրանի դեսպանին հետ հանդիպումին, Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի անդամ Աննա Գրիգորեանին եւ Արթուր Խաչատրեանին կողքին էր միեւնոյն բարեկամական խումբի անդամ Քրիստինէ Վարդանեանը:

Ողջունելով դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին` Աննա Գրիգորեան նշեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները եւ կարեւոր կը նկատէ համագործակցութեան խորացումը:

Ընդդիմադիր պատգամաւորները ներկայացուցին նորընտիր խորհրդարանին մէջ իրենց խմբակցութեան առաջնահերթութիւնները:

Դեսպանը խօսեցաւ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական կապերու սերտացման ու պարբերաբար հանդիպումներ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին: Խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման տեսանկիւնէ Խալիլ Շիրղոլամին ընդգծեց բարեկամական խումբերուն դերակատարութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Կարեւոր նկատուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատումը:

«Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցիչները լուսարձակի տակ առին Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայերու վերադարձի, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերը:

Կողմերը անդրադարձան նաեւ «Թրամփի ուղի» նախագիծի իրականացման ընթացքին:

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն ու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ նորընտիր խորհրդարանին հետ գործակցութիւնը:

Աննա Գրիգորեան իր դիտարկումները ներկայացուց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական իրավիճակին, դատական համակարգին մէջ առկայ խնդիրներուն ու քաղաքական դրդապատճառներով կալանաւորման դէպքերուն վերաբերեալ: Ազգային ժողովի պատգամաւորները նաեւ անդրադարձան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած գործընթացներուն:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Վասիլիս Մարակոս դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը աշխուժ կերպով ներգրաւուած է տարածաշրջանին մէջ եւ կ՛աջակցի խաղաղութեան հաստատման գործընթացին:

Խմբակցութեան ներկայացուցիչները կարեւոր նկատեցին Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած բանաձեւը, որով կոչ կ՛ուղղուի նաեւ` անյապաղ ազատ արձակելու Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալները:

Նախորդը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ՔՈՓ17-ի Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Քիեւը

October 13, 2026
Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Մեր Առաջարկներուն Ամերիկեան Պատասխանը Կը Սերտենք, Ապա Արդիւնքը Միջնորդներուն Պիտի Յայտնենք»

October 13, 2026
Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակը  Շնորհուեցաւ Ռապըրթ Հոլին Եւ Մայքըլ Վուտֆորտին
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսագիտութեան Նոպելեան Մրցանակը Շնորհուեցաւ Ռապըրթ Հոլին Եւ Մայքըլ Վուտֆորտին

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.