Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց տօնի նշումը դասական առումով մեր մղած ինքնութեան եւ մշակութային պատերազմի յաղթանակն է` Ոսկեդարի յանգումով: Տառերու ստեղծումը, այդ ստեղծումին հրաշքի համազօր եղելութեան հաղորդումը, յատուկ փիլիսոփայութիւն կը ներփակէ իր մէջ այբուբենի էութիւնը Արարիչին եւ այդ ճամբով Հայ եկեղեցւոյ կապելու գաղափարը: Հաւատք, տառեր, գրականութիւն, մշակոյթ եւ ինքնութիւն մէկ ու անքակտելի հասկացողութեան մէջ ամրագրելու յստակ քաղաքականութիւն էր կիրարկուածը:

Այդ քաղաքականութիւնը մշակուած հայեցակարգի հիման վրայ էր, նպատակ ունենալով ազգի շարունակականութեան պահպանումը: Լինելութեան այս խորհուրդի գիտակցումը երկկողմանի էր` Վռամշապուհի եւ Սահակ Պարթեւի ղեկավարութեամբ: Արդի հասկացողութեամբ` պետութիւն-եկեղեցի մէկութիւնն էր, որ փրկեց ազգը, մեր ինքնութիւնը եւ կերտեց հայատառ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը:

Գործող Սահմանադրութիւնը երբ կ՛արձանագրէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմական բացառիկ առաքելութիւնը ճանչնալու մասին, այս մեկնակէտը նկատի կ՛ունենայ նախ եւ առաջ: Բացառիկութիւնը մեր եկեղեցւոյ ոչ միայն ազգային նկարագիրին հետ աղերս ունի, այլ նաեւ պետութեան հետ ազգի փրկութեան, ազգի շարունակականութեան երաշխաւորման:

Ազգի փրկութեան այս երկու երաշխիքներէն որեւէ մէկուն դէմ կատարուող ոտնձգութիւն ուրեմն ըստ էութեան ազգի հիմնական յենասիւներէն մէկը հարուածելու կը միտի եւ ազգի շարունակականութեան երթը խափանելու հետեւանք կ՛ունենայ: Իսկ այժմեան ընկալումով հակասահմանադրական արարք կը նկատուի, բացառիկ պատմական առաքելութիւն կուտակած այս հաստատութեան դէմ կատարուող յարձակումը, միջամտութիւնը, բարենորոգելու անուան տակ, հպատակեցումը:

Յայտարարուած խաչակրութիւնը հիմնովին քաղաքական է: Այստեղ եւս սակայն թարգմանչացի խորհուրդին հետ աղերսներ կը ստեղծուին եւ քաղելիք դասերու մասին կը յուշեն: Թարգմանչացը արտաքին քաղաքականութեան դէմ պատուար  կառուցելու քաղաքական որոշում էր հիմնականօրէն: Մշակոյթով, մտայնութեամբ, սովորութիւններով, ոչ հայկական տառերով գրականութեան ներթափանցումը, Հայաստանի հպատակացումն ու գաղութայնացումը կը հետապնդէր: Պատուիրատու-պատուէրակատարի յարաբերակցութիւնը կը ստեղծէր, հաւանաբար վերջին նպատակ ունենալով Հայաստան աշխարհի այլափոխումը: Տառեր պէտք էին, հայկական, հարազատ տառեր` հայացնելու համար մշակոյթն ու ամբողջ գրականութիւն մը, արգելակելու համար այդ այլափոխումը:

Սեփական տառերով մշակոյթ արարելու այս որոշումը քաղաքական իմաստով օրուան գերտէրութիւններուն մրցահարթակը չվերածուելու կը միտէր, ինքնուրոյնութեամբ նաեւ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը պահելու, ռազմական բախումներէ խուսափելու եւ մշակոյթով, թագաւորութիւն-եկեղեցի բացարձակ համակարգումով Ոսկեդար ստեղծելու:

Պետութիւն-եկեղեցի բացարձակ ամբողջականացումն էր, որ հայոց մշակոյթը բարձրացուց համաշխարհային քաղաքակրթութեան բեմ, ինքնուրոյն ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն մինչեւ երաժշտական ստեղծագործութիւններու բարձրակէտեր, անցնելով արուեստի եւ գրականութեան բոլոր ոլորտներէն:

Հիմա, արտաքին հովերը միշտ չէ, որ լաւ եղանակներ կը խոստանան մեր հայրենիքին: Թարգմանչաց նորօրեայ շարժում հարկաւոր է օտար տեղեկագիտութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը հայացնելու եւ  հայ մարդամեքենաներով դէմ դնելու հարթիչ գլանին, աղուանացման փորձերուն, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, պատմութեան նենգափոխման եւ նոյնիսկ համաքրիստոնէական վայրերու մէջ Արցախի նախնիները քրիստոնեայ, սակայն ոչ հայեր ներկայացնելու պետական ամբողջ քաղաքականութեան մը դէմ:

Այս բոլորին համար նոր թարգմանչաց պէտք է: Նոր շարժումին համար այնպիսի պետութիւն, որ պատմութեան փիլիսոփայութիւնը իւրացուցած է եւ կը գիտակցի, որ պետութիւն-եկեղեցի լիակատար համակարգումով եւ համագործակցութեամբ է միայն, որ կը ստեղծուի նոր Ոսկեդարը:

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ Լոյս Տեսաւ The Tallis Scholars Ձայնային Համոյթի 2017 Թուականի Վենետիկեան Բացառիկ Համերգի Նկարահանումի Ու Ձայնագրութեան Զոյգ Խտասալիկներու Արկղիկը

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.