
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ջնջեց տասնամեակներէ ի վեր դէպի Պէյրութ եւ այդտեղէն դէպի Միացեալ Նահանգներ թռիչքներու նկատմամբ հաստատուած արգլեքը:
Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը ողջունեց որոշումը` նշելով, որ անիկա երկու երկիրներու միջեւ ուղղակի թռիչքներու ճամբան կը հարթէ:
Աղբիւրներ «Շարք Պլումպըրկ»-ին յայտնեցինե որ թռիչքի առաջին գիծը պիտի ըլլայ Նիւ Եորքի եւ Պէյրութի միջեւ:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, ողջունեց Թրամփի որոշումը` նշելով. «Այս որոշումը Լիբանանի պետութեան քաղաքային թռիչքներու անվտանգութեան երաշխաւորման, Պէյրութէն եւ դէպի Պէյրութ օդային փոխադրութեան երթեւեկի պաշտպանութեան եւ Լիբանանը աշխարհի երկիրներուն կապող թռիչքներու անվտանգութեան ամրապնդման համար որդեգրած քայլերուն նկատմամբ վստահութեան ցուցանիշ է»:
«Կը յուսանքե որ այս որոշումը յաւելեալ գործակցութեան նախերգանք դառնայ», աւելցուց նախագահ Աուն:


