Վարշաւայի անվտանգութեան ֆորումի շրջածիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հնչեցուցած միտքերը որոշ հարցադրումներու դուռ կը բանան եւ յաւելեալ պարզաբանումներու կը կարօտին:
Խօսելով Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ հետ Երեւանի ունեցած յարաբերութիւններուն մասին` Միրզոյեան հաստատած է, որ այս երկու հարցերը գուցէ այնքան ալ սերտօրէն փոխկապակցուած չեն, քանի որ մենք, անկախ ամէն ինչէ, պիտի շարունակենք բարելաւել յարաբերութիւնները մեր հարեւաններուն հետ: Այդ մէկը պայմանաւորուած չէ մեր եւրոպական քաղաքականութեամբ կամ եւրոպական ձգտումներով»:
Այս տարանջատումը շատ համոզիչ չէ: Եւրոպան ամէն առիթի ոչ միայն կ՛ողջունէ Երեւան-Անգարա երկխօսութիւնը կամ կոչ կ՛ուղղէ յարաբերութիւններու բարելաւման, այլ նաեւ կ՛օգտագործէ «Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը» եզրը: Այդ ինքնին կ՛ենթադրէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտող երկիրները պէտք է լուծած ըլլան հարեւաններուն հետ իրենց բոլոր սահմանային վէճերը:
Աւելի ուշագրաւը սակայն, որ բուն հարցին էութիւնը ծխածածկոյթի տակ կ՛առնէ հետեւեալ բաժինն է. «Մենք կը կարգաւորենք յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Սահմանը տակաւին փակ է, սակայն կը կարծեմ` գործընթացը արդէն զգալիօրէն հասունցած է, եւ միանգամայն կարելի է, որ վաղը առաւօտեան արթննանք ու լրահոսին մէջ տեսնենք հետեւեալ վերնագիրը` «Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բաց է»:
Այս յայտարարութեամբ այն տպաւորութիւնը կը փորձուի ձգուիլ, որ նախապայմանային խնդիր չկայ: Բացայայտ իրականութիւն է, որ թէ՛ Անգարան եւ թէ՛ Պաքուն Երեւան-Անգարան եւ Երեւան-Պաքուն կը փոխկապակցեն: Այլ խօսքով, սահմանը կը բացուի միայն այն ատեն, երբ Երեւանը իր հարցերը լուծած կ՛ըլլայ Պաքուին հետ: Իսկ Պաքուն անվերջ կը նորացնէ իր նախապայմանները: Նախապայմանները «Զանգեզուրեան միջանցք»-էն մինչեւ անհետ կորսուածներու ամբողջական տեղեկատուութեան պահանջ, մինչեւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն եւ տակաւին նորացուող նախապայմաններ:
Ենթակառուցուածքներուն պատրաստ ըլլալը բաւարար չէ քաղաքական որոշումին եւ անոր հիման վրայ սահմանի բացումին: Արտաքին գործոց նախարարը այսպիսով բաւական կը փորձէ պարզեցնել խնդիրը եւ այնպիսի ձեւակերպում տալ հարցին, որ անակնկալօրէն կրնայ յանկարծ բացուիլ սահմանը:
Յանկարծակիութեան այս գործօնը կը մեկնաբանուի հետեւեալ ձեւով: Երեւանը իր պարտականութիւնները կատարած է եւ կը սպասէ, որ Անգարան շնորհէ սահմանի բացումը: Լրահոսին մէջ ձեւակերպուած վերնագիրը տեսնելու համար պարզ է, որ Անգարան նման քայլ մը պիտի համաձայնեցնէ Պաքուին հետ:
Հիմա, ներկայ պայմանները նկատի ունենալով չի բացառուիր, որ սահմանի բացումը տեսականօրէն խաղաթուղթի գործառոյթ ունենայ Անգարայի կողմէ: Խօսքը Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շրջանառուող լարուածութեան մասին է: Երկուստեք կը հնչեն խիստ քննադատութիւններ իրարու հասցէներուն: Հասարակական բողոքներու երեւոյթները կը քաջալերուին թրքական քաղաքական շրջանակներու կողմէ, մինչ Պաքուի վարիչները ուղիղ ակնարկներ կ՛ընեն Անգարային` տէր չկանգնելու իրենց արձանագրած յաղթանակներուն: Անգարա-Պաքու շահերու բախման սուր կէտեր կը նկատուին նաեւ Իսրայէլի ուղղութեամբ: Եթէ առաջինը կը սաստկացնէ իր դիրքորոշումները Թել Աւիւի նկատմամբ, երկրորդը չ՛ուզեր ազդուիլ անկէ եւ իր համագործակցութիւնը կը շարունակէ խորացնել:
Այս բոլորը չբացառուող ենթադրութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ են: Երկու պետութիւնները Շուշիի Հռչակագիրով յանձնառութիւններ ստանձնած են հայկական հարցերու ուղղութեամբ դաշինքի հիմնադրոյթները ամրագրուած պահելու եւ դիրքորոշումներն ու գործողութիւնները համակարգելու: Սահմանի բացումի հաւանականութիւնը կամ անհաւանականութիւնը այս ռազմավարական խոր արմատ ունեցող դրուածքէն կախեալ է:
«Ա.»


