Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իրանի հետ պատերազմը շատ շուտով պիտի աւարտի»:
«Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ, եւ ուժանիւթի գիները սուր կերպով պիտի նուազին, հազիւ պատերազմը աւարտի», շեշտեց ան:
«Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարրաք Օպամայի վարչակազմը Իրանին միլիառաւոր տոլարներ տրամադրեց, եւ պէտք էր հիւլէական զէնք զարգացնելուն արգելք հանդիսանար», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Իրանցիները սպասողական վիճակի մէջ են: Անոնց ծանր դաս մը պիտի տանք, որովհետեւ մեր համբերութիւնը վերջացաւ», յայտարարեց Թրամփ:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Իրանի վրայ ամերիկեան յարձակումի հաւանականութեան մասին տեղեկութիւնները ճիշդ չեն:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդած էր, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու անցեալ շաբաթ Թրամփի հետ քննարկած է Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւնները վերականգնելու կարելիութիւնը, եւ ամերիկացի պաշտօնատարները կը հաստատեն, որ ստացած են այն տպաւորութիւնը, որ Նեթանիահուն ընտրութիւններէն առաջ հարուածներ շղթայազերծելու փափաք ունի:
Պատկերասփիւռի կայանը նշած է, որ Նեթանիահու Թրամփին առաջարկած է ընտրութիւններէն առաջ Իրանի վրայ միացեալ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը աւելցուցած է, որ Նեթանիահու այդ առաջարկը կատարած է Իրանի կողմէ հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ «մտահոգիչ ու կասկածելի» քայլեր նկատելէ ետք:


