Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման»

October 15, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ընդունեց ՄԱԿ-ի խաղաղապահական գործողութիւններու ընդհանուր յանձնակատարի տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուան եւ անոր յայտնեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի պահպանման` նկատի ունենալով անոր առաքելութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր  կատարած դերակատարութեան կարեւորութիւնը եւ անոր անդամներուն` սպաներու, աստիճանաւորներու եւ զինուորներու կատարած զոհողութիւնները»:

Նախագահը յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կ՛ընդառաջէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը պահպանելու խնդրանքին, մանաւանդ եթէ իսրայէլեան ուժերը մինչեւ միջազգային սահմաններ հեռանան, եւ այդտեղ տեղակայուի լիբանանեան բանակը, որ կարիքը պիտի ունենայ օգտուելու ՖԻՆԻՒԼ-ի տրամադրած անհրաժեշտ մարդասիրական եւ գումակային ծառայութիւններէն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին Լաքրուան ընդունելով ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայութեան եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կառչելուն շուրջ լիբանանեան միացեալ պաշտօնական դիրքորոշումը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ տարբեր մակարդակներու վրայ իր աշխատանքը` պահպանելու համար իր գերիշխանական իրաւունքները, պաշտպանելու իր սահմանները եւ իր հողերուն վերջին թիզն իսկ իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրելու:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ Լաքրուայի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ կը մերժէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայ ձեւաչափով առաքելութեան աւարտէն ետք բացի ստեղծումը:

«Լիբանան կարիքը ունի միջազգային ուժի մը, որ հսկողութեան, զեկուցումի եւ հաղորդակցութեան պարտականութիւնը կը ստանձնէ», շեշտեց վարչապետը:

«Լիբանան դրական տրամադրուած է այս ուժի որեւէ միջազգային նոր ձեւաչափ քննարկելու` կառչած մնալով այն անհրաժեշտութեան, որ անոր լիազօրութիւնը Ապահովութեան խորհուրդէն ստացուած ըլլայ», ըսաւ Սալամ:

Նախորդը

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

RelatedPosts

Քաց. «Ոեւէ Իրանցի Ղեկավար, Որ Կը Փորձէ  Իսրայէլը Քանդելու Ծրագիր  Յառաջ Մղել, Պիտի Ոչնչացուի»
Լիբանանեան

Քաց. «Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Դատարկման Պիտի Ենթարկուին, Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի Վրայ Իրանի Յարձակումին Միանայ»

October 15, 2026
Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը  ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը  Ներկայացուց Սալամին
Լիբանանեան

Երեսփոխանական Պատուիրակութիւն Մը ՖԻՆԻՒԼ-ի Պահպանման Յուշագիրը Ներկայացուց Սալամին

October 15, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լիբանանի  Դեսպանին Մասին Դատական Զեկուցում.  Ուաշինկթըն Կը Դժգոհի
Լիբանանեան

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Մասին Դատական Զեկուցում. Ուաշինկթըն Կը Դժգոհի

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.