Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Իրան կ՛ուզէ համաձայնութեան հասնիլ, սակայն չի գիտեր ատիկա ինչպէս ընել»:
«Թերեւս իրանեան ղեկավարութեան թիրախաւորման մէջ չափը անցուցինք, եւ պէտք էր մագլցումի առաջին կամ երկրորդ մակարդակին վրայ կանգ առնել», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Ռուսիան եւ Ուքրանիան կ՛ուզեն համաձայնութիւն գոյացնել, սակայն երկու երկիրներու երկու ղեկավարներուն միջեւ բուռն ատելութիւնը այդ մէկը կը խոչընդոտէ», ըսաւ Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ «Թրութ Սոշըլ»-ի վրայ գրեց. «Ես կը տեսնեմ արմատական ձախ յիմարներու եւ խելագարներու այնքան շատ մեկնաբանութիւններ, թէ Չինաստանն ու Ռուսիան կ՛օգնեն «հրաշալի» Իրանի իսլամական հանրապետութեան: Եթէ նոյնիսկ կ՛օգնեն, ապա շատ ցած մակարդակով, սակայն ես չեմ հաւատար, որ անոնք ընդհանրապէս կ՛օգնեն: Անոնք չափազանց շատ բան ունին կորսնցնելիք, եւ մենք ատոր մասին պիտի իմանայինք եւ շատ արագ պիտի իմանայինք»:
Միւս կողմէ, Թրամփ պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ ինչո՞ւ կը կարծէ, թէ Փութինը պատրաստ է փոխզիջումներու, եթէ Ռուսիան կը շարունակէ Ուքրանիան հարուածել, ըսած է. «Կը կարծեմ` անոնք համաձայնութեան պիտի գան: Ես իսկապէս կը կարծեմ, որ Փութինը գործարք կնքելը շատ աւելի կ՛ուզէ, քան Զելենսքին»:
Անդրադառնալով իր յայտարարած «ուժանիւթային զինադադար»-ի խախտման` Միացեալ Նահանգներու նախագահը պնդած է, որ խախտումները եղած են երկու կողմէն ալ: Անոր կարծիքով` Փութին կ՛ուզէ համաձայնութեան հասնիլ, իսկ Զելենսքիին պէտք է տակաւին համոզել:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Քիեւ աջակցած է ուժանիւթային ենթակառոյցներուն հարուածները դադրեցնելու առաջարկին, սակայն Ռուսիան այդ պայմանը չէ կատարած: Զելենսքի յիշեցուցած է, որ Թրամփի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք ռուսական ուժերը հարուածած են Խարքովի ջերմաելեկտրակայանը:
Զելենսքի Ուաշինկթընին կոչ ուղղած է Մոսկուայի վրայ ճնշում գործադրել` ընդգծելով, որ զինադադարի հաստատումը մեծապէս կախեալ է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումէն:


