Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիի Նախարարները Հեռացան Նիստէն. Կառավարութիւնը «Ողջունեց» Զէնքի Մենաշնորհման Բանակի Ծրագիրը

September 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր ժողովը: Նախքան այդ, նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ունեցան առանձին հանդիպում մը:

Շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ նիստին սկիզբը նախարարները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը քանի մը օր առաջ մահացած նախկին նախարար ու երեսփոխան Հասան Ռիֆայիի:

Նախագահ Աուն նախարարաց խորհուրդին յայտնեց, թէ որոշած է Քրէական դատարանի կազմակերպման վերաբերեալ օրինագիծը ետ վերադարձնել խորհրդարան` «ի յայտ գալէն ետք, թէ ան կը բովանդակէ ձեւական, շօշափելի եւ խորքային սխալներ, որոնք զայն կը դարձնեն, որոշ կէտերու մէջ, անգործադրելի»:

Օրակարգին վրայ գտնուող չորս կէտերը վաւերացուեցան նիստի սկիզբը, սակայն, երբ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ ժողովասրահ մուտք գործեց ներկայացնելու ապօրինի զէնքը վերցնելու բանակի ծրագիրը, շիի հինգ նախարարները` Մոհամետ Հայտար, Ռաքան Նասրէտտին, Եասին Ժապեր, Թամարա Զէյն եւ Ֆատի Մաքքի անմիջապէս հեռացան նիստէն: Վերջինս նիստէն հեռանալու ընթացքին յայտնեց. «Կարելիութեանս սահմանին մէջ ջանացի խոչընդոտները շրջանցել, եւ բանակի ծրագիրը քննարկելու եւ ժամանակացոյցը անոր ղեկավարութեան ձգելու կոչ ուղղողներէն էի, սակայն ներկայ կացութեան մէջ, գլխաւոր բաղադրիչի մը հեռանալով, անգամ մը եւս չեմ կրնար այսպիսի բեռ մը կրել, եւ որոշեցի նիստէն հեռանալ:

«Ինչպէս նաեւ նիստի ընթացքին խօսքիս մէջ ըսի, որ եթէ կառավարութենէն հրաժարականս ազգային շահերու իրագործման կը նպաստէ, ապա պատրաստ եմ այդ հրաժարականը դնելու նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի տրամադրութեան տակ»:

Նիստի աւարտին տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս յայտարարեց, որ կառավարութիւնը ողջունած է զէնքի մենաշնորհման բանակի ծրագիրն ու անոր իրերայաջորդ փուլերը:

Նախարարաց խորհուրդը որոշեց ծրագիրին մանրամասնութիւնը գաղտնի պահել` բանակէն պահանջելով այդ ծրագիրի վերաբերեալ ամսական զեկուցում ներկայացնել:

Նախորդը

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Թրամփի Վարչակազմը Զգուշացուցած Է, Թէ Հըզպալլայի Զինաթափման Համար Լիբանանցի Ղեկավարներուն Ժամանակը Կը Սպառի

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 214-ի Լուծում

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»
Գլխաւոր լուրեր

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.