Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 6 իսրայէլացիներ սպաննուած են եւ 15 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ երէկ երկու պաղեստինցի երիտասարդներ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի հիւսիսը գտնուող Ռամոթ բնակեցման վայրին մօտ փոխադրակառքերու կեդրոնական կանգառի մը մէջ կրակ բացած են:
Իսրայէլեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ վիրաւորներու շարքին կան 6 ծանր պարագաներ:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ սպաննած է գործողութեան երկու հեղինակները:
Պաղեստինեան Համաս շարժումը, Իսլամական Ժիհատը եւ այլ խմբաւորումներ ողջունեցին գործողութիւնը, զայն նկատելով Իսրայէլի գործած ոճիրներուն բնական հակադարձութիւն:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ ներքին գործոց նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր այցելեցին դէպքի վայր:
Նեթանիահու խոստացաւ հետապնդել գործողութեան նպաստած անձերը եւ աւելի խիստ քայլեր որդեգրել, իսկ Պեն Ղաֆիր իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց ամէնուր զէնք կրելու:
Իսրայէլի ներքին անվտանգութեան ծառայութիւնը` Շապաքը հաղորդեց, որ հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յարձակումի հեղինակները փոխադրակառք մը բարձրանալով կրակած են:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Երուսաղէմի յարձակումը վտանգաւոր ու հեռահաս հետեւանքներ պիտի ունենայ»: