Միացեալ Նահանգներու մէջ կնքուած Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնագիրէն ոգեւորուած բացագանչութիւնները փաստաթուղթի հրապարակումէն ետք փոխարինուեցան թերահաւատ գնահատականներով, բնագիրին մէջ շատ բան համաձայնեցուած չէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան յիշեցուցած է, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ համաձայնութիւնները ծնած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած համաձայնագիրներու հիման վրայ:
«Անոնք որոշեցին զայն կնքել Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ: Ատիկա մեր դրացիներու գերիշխան իրաւունքն է: Սակայն պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս անիկա պիտի աշխատի, որովհետեւ բոլոր հիացական արձագանգները, որոնք Ուաշինկթընի հանդիպումէն ետք առաջին քանի մը օրերուն հնչեցին, այդ բացագանչութիւնները յետոյ ձեւով մը փոխարինուեցան թերահաւատ գնահատականներով, երբ փաստաթուղթը հրապարակուեցաւ: Եւ, ինչպէս կ՛երեւի, այնտեղ ամէն ինչի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած չէ», նշած է Լաւրով: