Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբինեան. «Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հոլովոյթը Փակ Սահմանի Բացման Եւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Մասին Է»

Սեպտեմբեր 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարած է, որ մօտ օրէն Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ իր եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հանդիպումը:

Անոր համաձայն, պիտի քննարկուի յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջ օրակարգը: «Պիտի խօսինք թէ՛ այն քայլերուն մասին, որոնք արդէն կատարուած են, թէ՛ ալ անոնց մասին, որոնք տակաւին ընթացքին մէջ են: Մեր վերջին հանդիպումէն ետք քննարկումներ եղան Կարս-Գիւմրի երկաթուղիի վերականգնման համար անհրաժեշտ թեքնիք շրջագիծերու շուրջ», նշեց Ռուբինեան:

Ազգային Ժողովի փոխնախագահը աւելցուց, որ օրակարգի վրայ տեղ գտած է նաեւ Անիի պատմական կամուրջի վերականգնման նիւթը: «Սակայն գլխաւոր եւ համընդհանուր հարցը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումն է», ընդգծեց ան:

«Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը փակ սահմանի բացման եւ հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին է, բնականաբար երկկողմանի քննարկումները ինքնին ասոր մասին են», ըսած է Ռուբինեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սերտար Քըլըչի հետ հանդիպումի ժամանակ սահմաններու բացման մասին պիտի խօսուի՞:

 

 

Նախորդը

Ամիրպեքով. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Եւ Իրականացման Համար Հայկական Կողմը Պէտք Է Որոշակի Քայլեր Ձեռնարկէ»

Յաջորդը

Լաւրով. «Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Համաձայնագիրէն Ոգեւորուած Բացագանչութիւնները Փաստաթուղթի Հրապարակումէն Ետք Փոխարինուեցան Թերահաւատ Գնահատականներով»

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?