Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` Կազայի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը կրնայ շատ շուտով գոյանալ: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ «այս խնդիրին ի նպաստ Միջին Արեւելքին, Իսրայէլին եւ բոլոր կողմերուն լուծում մը գտնել»:
Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում կատարելով նշեց, որ իսրայէլացիները ընդունած են իր առաջարկի պայմանները, իսկ այժմ կարգը Համաս շարժումին է:
Սպիտակ տան ղեկավարը զգուշացուց Համասը, որ առաջարկուած պայմաններու մերժումը հետեւանքներ պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ ասիկա իր վերջին զգուշացումն է:
«Բոլորը կ՛ուզեն պատանդներուն Կազայէն տունդարձը եւ պատերազմին աւարտը» նշեց Թրամփ:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդած էր, որ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ անցեալ շաբաթ Համասին յղած է նոր առաջարկ մը, որ ըստ երկու աղբիւրներու, կը ներառէ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու դիմաց բոլոր գերիներու ազատ արձակման համապարփակ լուծում մը:
Կայքը նշած էր, որ առաջարկին նպատակը Կազա քաղաքը բռնագրաւելու գործողութենէն առաջ դիւանագիտական լուծում գտնելն է:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանն ու պետական ձայնասփիւռը հաղորդեցին, թէ Ուիթքոֆի առաջարկը կը ներառէ նախկին նախաձեռնութիւններու բաղդատմամբ հիմնական փոփոխութիւններ:
Կ՛առաջարկուի.
– Գործարքի գործադրութեան առաջին օրը ազատ արձակել Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի բոլոր 48 գերիները, որոնցմէ 20-ը ողջ են, իսկ 28-ը` մահացած:
– Անոր դիմաց ծանր վճիռներ ստացած հարիւրաւոր պաղեստինցի գերիներ ազատ կ՛արձակուին հազարաւոր այլ կալանաւորուածներու կողքին:
– Սեպտեմբերի սկիզբը Կազա քաղաքը ամբողջովին գրաւելու համար իսրայէլեան բանակի շղթայազերծած «Կիտէոնի կառքեր 2» գործողութեան ամբողջական դադրեցում:
– Անձնապէս Թրամփի ղեկավարութեամբ բանակցային նոր հոլովոյթի ձեռնարկել` պատերազմին ամբողջական կերպով վերջ տուող համաձայնութեան գոյացման համար:
Առաջարկը պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ կ՛ուղղէ Թրամփի` պատերազմին վերջ տալու խոստումներուն վստահելու` մեկնելով անկէ, որ Իսրայէլ գերիներու ազատ արձակումէն ետք ներքին ու արտաքին առումով պատերազմը շարունակելու դժուարութիւն պիտի ունենայ:
Համաս Թրամփի յայտարարութենէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեց, թէ ամերիկեան կողմը միջնորդներու ճամբով կարգ մը գաղափարներ ստացած է եւ պատրաստ է անմիջապէս բանակցութեան սեղան նստելու` քննարկելու համար պատերազմին վերջ տալու յստակ յայտարարութեան, Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման եւ անկախ պաղեստինցիներէ կազմուած յանձնախումբի մը կազմութեան ու անմիջապէս աշխատանքի ստանձնման դիմաց բոլոր գերիներու ազատ արձակման հարցը:
Պաղեստինեան շարժումը նաեւ նշեց, որ միջնորդներու հետ մնայուն կապի մէջ է այս գաղափարները զարգացնելով հասնելու համապարփակ համաձայնութեան մը, որ կ՛իրագործէ պաղեստինցի ժողովուրդի պահանջները:
Համաս, սակայն, պայման դրաւ, որ Իսրայէլ «հրապարակաւ եւ անկեղծ կերպով» յանձնառու դառնայ համաձայնութեան, որպէսզի չկրկնուին նախկին փորձառութիւնները, երբ համաձայնութիւններ գոյացան, եւ Իսրայէլ զանոնք մերժեց կամ տապալեց, եւ անոնցմէ վերջինը ամերիկեան առաջարկն էր, որուն 18 օգոստոսին Գահիրէի մէջ Համաս համաձայն գտնուեցաւ, իսկ Իսրայէլ մինչեւ հիմա անոր պատասխան չէ տուած, «այլ կը շարունակէ իր ջարդերն ու ցեղային մաքրագործումը»:
Միւս կողմէ, Նեթանիահուին մօտիկ աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնը տակաւին չէ ծանօթացած ամերիկեան նոր առաջարկին, եւ անիկա պաշտօնական կերպով իսրայէլեան կառավարութեան չէ փոխանցուած:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց, թէ Իսրայէլ «լրջութեամբ կը սերտէ» Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ներկայացուած նոր առաջարկ մը, որ կը վերաբերի Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան խմբաւորումներուն հետ գերիներու փոխանակման:
Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ «կանաչ լոյս» տուած է ամերիկեան առաջարկին: Լաւատեղեակ աղբիւր մը կայանին յայտնած է. «Պատերազմին վերջ տալու առաջարկի սկզբունքները կը թուին համահունչ ըլլալ Իսրայէլի պահանջներուն»:
Աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնեցին, որ Թրամփի առաջարկը կը նախատեսէ 48 ժամուան մէջ իսրայէլացի ողջ եւ մահացած գերիներու ազատ արձակումը: