«Եթէ Անհրաժեշտ Ըլլայ, Դարձեալ Պիտի Հարուածենք Իրանի Հիւլէական Կառոյցները»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են դարձեալ հարուածելու Իրանի հիւլէական կառոյցները, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ: Այս մասին ան գրած է «Թրութ Սոշըլ» ընկերային հարթակին վրայ` արձագանգելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի այն յայտարարութեան, թէ յունիսին կատարուած ամերիկեան հարուածներուն պատճառով Իրանի հիւլէական կառոյցներուն լուրջ վնաս հասցուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրանինթլ» կայքը: «Իրանի...




















