Լեհաստան երէկ իր գլխաւոր օդակայաններէն 4-ը փակեց ու յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ կողմէ իր օդային տարածքի իրերայաջորդ խախտումներէն ետք վար առած է անօդաչու թռչող սարքեր:
Լեհական զինեալ ուժերը յայտարարեցին, որ Լեհաստան զէնքեր օգտագործած է Ուքրանիոյ վրայ յարձակումի ընթացքին լեհական օդային տարածքի իրերայաջորդ ոտնահարումներէն ետք անօդաչու թռչող սարք մը վար առնելու համար:
Ըստ լեհական բանակին, նշեալ անօդաչու սարքը իրերայաջորդ կերպով խախտած է Լեհաստանի օդային տարածքը, ուստի բանակին հրամանատարին ցուցմունքով անիկա վար առնուած է:
Լեհական բանակը դատապարտեց Լեհաստանի օդային տարածքի խախտումները` զանոնք որակելով «թշնամական արարք, որ իսկական սպառնալիք է մեր քաղաքացիներուն անվտանգութեան»:
Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Վլաիսլաւ Քուշինիաք Քամիշ յայտարարեց. «Մեր օդանաւերը կրակ բացին թշնամական մարմիններու վրայ»:
Լեհական բանակը նշեց. «Մեր օդանաւներն ու դաշնակից օդանաւեր թռիչք կը կատարեն մեր օդային տարածքին մէջ, եւ մեր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը առաւելագոյնս պատրաստ վիճակի մէջ են»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Լեհաստանի իշխանութիւնները իրենց մօտ կանչած են Վարշաւիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան գործավարը:
Ռուսիոյ դեսպանատան ժամանակաւոր գործավար Անտրէյ Օրտաշ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է` աւելցնելով, որ Վարշաւիան տակաւին երեքշաբթիէն չորեքշաբթի օր լուսցող գիշերը Ռուսիայէն եկող անօդաչու թռչող սարքին վերաբերեալ որեւէ փաստ չէ ներկայացուցած:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ռուսական անօդաչու սարքերու լեհական օդային տարածքի ոտնահարումը նկատեց «անընդունելի», Ռուսիոյ կոչ ուղղելով` խուսանաւումին վերջ տալու: Ան նշեց. «Դաշնակիցներուն անվտանգութիւնը բացարձակապէս թեթեւի պիտի չառնենք»` նշելով, որ շուտով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ պիտի խօսի:
ՕԹԱՆ յայտարարեց, թէ իր օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են լեհական օդային տարածքը խախտող անօդաչու թռչող սարքերու:
Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Երէկ երեկոյեան Լեհաստանի մէջ մենք ականատես եղանք պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ռուսիոյ կողմէ Եւրոպայի օդային տարածքի լրջագոյն խախտման, եւ կան նշաններ, թէ ատիկա կատարուած է դիտումնաւոր կերպով, եւ ոչ թէ` պատահաբար: Ռուսիոյ պատերազմը չ՛աւարտիր, այլ նոր թափ կը ստանայ»:
Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը «Ռոյթըրզ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ Վիլնիուսի մէջ որեւէ հաստատում չունին, որ ռուսական անօդաչու սարքերու Լեհաստանի տարածք գիշերային ներխուժումը դիտումնաւոր էր:
Պիելոռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Փաւել Մուրաւէյքոն ըսաւ, որ Պիելոռուսիոյ իշխանութիւնները նախապէս Լեհաստանը տեղեկացուցած էին սահմանը կտրած անօդաչու թռչող սարքերու մասին:
Անոր համաձայն, անօդաչու թռչող սարքերը ներգրաւուած էին Ուքրանիոյ տարածքին ընթացող զինուորական գործողութիւններուն մէջ, սակայն ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցներու գործողութիւններուն ընթացքին դարձած էին անկառավարելի` յայտնուելով դրացի պետութիւններու տարածքին մէջ:
«Մոլորուած անօդաչու թռչող սարքերուն մէկ մասը ոչնչացուած է մեր երկրի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ` Պիելոռուսիոյ օդային տարածքին մէջ: Սեպտեմբեր 9-ի ժամը 23:00-էն մինչեւ սեպտեմբերի 10-ի ժամը 4:00 մեր հերթապահ ուժերը տեղեկութիւն կը փոխանակէին Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն հետ: Զանոնք տեղեակ կը պահէին անյայտ թռչող սարքերու մօտենալուն մասին: Մենք լեհական կողմին կարելիութիւն տուինք գործնականօրէն արձագանգել եւ օդ բարձրացնել իրենց հերթապահ ուժերը», յայտարարած է Մուրաւէքոն: