Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «5 սեպտեմբերի նիստին վերաբերեալ մեր ստացած արաբական ու միջազգային, ինչպէս նաեւ նիստի որոշումին վերաբերեալ ներքին արձագանգները ամբողջովին դրական էին»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այդ հիման վրայ Լիբանանին սպասուող աջակցութիւնը կրնա՞յ ընթացք առնել` վարչապետը ըսաւ. «Մենք առաջին հերթին ամերիկեան կողմէ Իսրայէլի վրայ յաւելեալ ճնշում կ՛ակնկալենք, որպէսզի յարգէ թշնամական արարքները դադրեցնելու համաձայնութիւնը, գործադրէ 27 նոյեմբեր 2024-ին իր ստանձնած յանձնառութիւնը եւ շարունակէ Լիբանանէն հեռանալ, դադրեցնէ թշնամական արարքները եւ գերիները վերադարձնէ: Մենք ամերիկեան կողմէն, արաբ եղբայրներէն եւ եւրոպական պետութիւններէն ատիկա գործադրելու համար Իսրայէլի վրայ ճնշումէն աւելին չենք ուզեր:
«Եթէ կ՛ուզենք, որ լիբանանեան բանակը գործադրէ մեր կողմէ պահանջուած տարբեր առաքելութիւնները, ըլլայ այդ հարաւի մէջ, պետութեան իշխանութիւնը առաջին հերթին հարաւէն դուրս տարածէ, զէնքի տեղափոխութիւնն ու օգտագործումը արգիլէ եւ բոլոր շրջաններուն մէջ զէնքի մենաշնորհումը ամբողջացնէ, ապա ատիկա կարիքը ունի բանակի կարողութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ելեւմտական աջակցութեան, որպէսզի կարողանայ յաւելեալ զինուորագրումներ կատարել եւ իր զինուորներուն ամսականները ամրապնդել»:
«Ժամանակն է, որ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւնները բանակին աջակցութեան շօշափելի քայլեր առնեն», յայտարարեց վարչապետը` նշելով, որ ինք «Վերաշինութեան ու վերականգնման խորհրդաժողովի գումարման գծով կապի մէջ է ֆրանսացիներուն հետ: «Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իւ Լը Տրիան այս նպատակի համար Լիբանան պիտի այցելէ: Մենք 1 դեկտեմբերին Պէյրութի մէջ ներդրումներու հարցով մեծ խորհրդաժողով կը պատրաստենք», շեշտեց վարչապետը:
«5 օգոստոսի եւ 5 սեպտեմբերի կառավարութեան նիստերէն ետք կը տիրէ նոր մթնոլորտ մը, որ կ՛արտօնէ այդ երկու խորհրդաժողովները յառաջ մղել: Եթէ այս մթնոլորտը շարունակուի, նոր ներդրումներ պիտի քաջալերուին Լիբանան գալու», յայտնեց Սալամ: