Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան` Չխոչընդոտելու Զուիցերիոյ Նախաձեռնութիւնը

September 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի 9 սեպտեմբերի նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յիշեցուց, որ 17 դեկտեմբեր 2024-ին Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդը (խորհրդարանի ստորին պալատ) որդեգրած է բանաձեւ մը, որով երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու` Արցախի հայերու անվտանգ եւ հաւաքական վերադարձի հարցը քննարկելու համար:

Նոյն բանաձեւը այս տարուան մարտի 18-ին ընդունեց նաեւ խորհրդարանի վերին պալատը: Ընդունուած բանաձեւով զուիցերիական խորհրդարանը յանձնառու կը դառնայ կառավարութեան հետ հիմնել առանձնացուած հարթակ Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութեան համար:

Ըստ Խաչատրեանի` երկխօսութեան նպատակը պէտք է ըլլայ հայ բնակչութեան ապահով եւ հաւաքական վերադարձը Արցախ` Արցախի միջազգային դերակատարներու հսկողութեամբ կամ ներկայութեամբ:

Ան դիտել տուաւ, որ մայիս 19-ին Զուիցերիոյ խորհրդարանին մէջ կը ստեղծուի Արցախի խաղաղութեան նախաձեռնութիւն բազմակուսակցական կոմիտէն, որուն նպատակն է աջակցիլ երկրի կառավարութեան: «Նշեմ, որ այլ երկրի խորհրդարանականները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են այս նախաձեռնութեան, մասնաւորապէս Միացեալ թագաւորութեան խորհրդարանի կրօնի կամ հաւատի միջազգային ազատութեան բազմակուսակցական խումբի 110 անդամներ յունիսին իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին, եւ նաեւ պատեհ առիթ նկատուեցաւ յիշեցնելու Եւրոպական խորհրդարանի երկու բանաձեւերը, որոնցմով կը ճանչցուի Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը», ըսաւ Ա. Խաչատրեան:

«Հայաստան» խմբակցութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Զուիցերիոյ խորհրդարանականներուն` այս նախաձեռնութեան համար, ան կոչ ուղղեց Զուիցերիոյ կառավարութեան` կարելի եղածին չափ արագ ձեռնամուխ ըլլալու խորհրդարանի որոշման իրականացման:

«Կոչ կ՛ուղղեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն` չփորձել խոչընդոտել այս նախաձեռնութիւնը: Եթէ դուք չէք կրնար կամ չէք ուզեր օգնել, մի՛ խանգարէք, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի զրկելու Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքէն, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան», շեշտեց Արթուր Խաչատրեան:

 

 

 

 

Նախորդը

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Պիտի Ունենայ Ցամաքամասերը Կապող Փոխադրամիջոցային Հանգոյցի Դեր» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Բագրատունի Ընդունեց Պատրան Ժիա Քըրտը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.