«Շրջանին Մէջ Տագնապը Քաղաքական Է Եւ Ոչ Թէ Յարանուանական» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան յանկարծ յայտնուեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուած Աշուրայի հաւաքին, որուն ընթացքին ան արտասանեց համեմատաբար երկար ճառ մը: Իր խօսքին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ շրջանին մէջ տագնապը քաղաքական է եւ ոչ թէ յարանուանական, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ իր կուսակցութիւնը պատրաստ է երկարաձգելու խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Սէյիտ...


















