Մահչուփեան. «Հայկական Հարցի Լուծման Մէջ Ներդրումս Պիտի Ունենամ»
Էթիեն Մահչուփեան Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդականի պաշտօնին նշանակուած Էթիեն Մահչուփեան «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ քիւրտերուն համար ալ, այլոց համար ալ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութենէն լաւը չի կրնար ըլլալ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչի՞ հետ կը կապէ Թուրքիոյ վարչապետի խորհրդական դառնալու առաջարկը, Մահչուփեան ըսած է, որ Տաւութօղլուին միշտ հաւնած է իբրեւ գիտնական: Վարչապետն ալ իրեն հաւնած է: Ան նշած...



















