Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ «Սարդարապատ» Կոմիտէին. Արցախի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Երգի-Պարի Պետական Համոյթի Ելոյթ

October 31, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1030_artsakh2ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ, Արցախի «Մենք ենք մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը ելոյթ ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Հանդիսատեսի ջերմ ծափողջոյններով բեմ բարձրացան համոյթի երգիչները եւ  «Մեր Ղարաբաղ շէն ու հարուստ մնայ» երգով սկսան իրենց գեղարուեստական յայտագիրը: Անոնք շուրջ երկու ժամ թնդացուցին հայրենասիրական, ազգային, ազգագրական երգն ու պարը:

Անոնք երգի ու պարի իրենց կատարումներուն միջոցով պարզեցին արցախցիին խիզախութիւնը, կամքը, ապրելու ու պայքարելու վճռակամութիւնը: Ոչ մէկ երաժշտութիւն ունի հայկական երաժշտութեան համն ու հնչեղութիւնը:

1030_artsakh3«Մենք ենք մեր սարերը» համոյթը յաջողեցաւ վերցնել հայ աշխարհի բոլոր սահմանները եւ հանդիսատեսը տանիլ Մուշ, Վան, Կարս ու Արտահան, ան մինչեւ անգամ պարել տուաւ Սասունի մէջ ու աղօթել` Առաքելոց վանքին մէջ:

Համոյթը երգերով պատմեց նաեւ Արցախի ազատագրական պայքարը, յաղթանակը, երգեց  վաղուան հզօր հայրենիքը:

Ելոյթին ընթացքին Քրիստինա Սրապոնեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Լուսաբաց» քերթուածը:

«Ղարաբաղցին» երգով աւարտին հասաւ ելոյթը,  իսկ ծափահարութիւնները շարունակուեցան երկար: Բեմ բարձրացաւ համոյթի տնօրէն Սլաւա Ապրեսեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ գոհունակ է ստեղծուած մթնոլորտէն, որովհետեւ հանդիսատեսը ինքզինք կրցաւ զգալ հայրենիքի մէջ:

Ան շարունակեց ըսելով, թէ կարելի չէ չհպարտանալ տեսնելով լիբանանահայութեան հայրենասիրութիւնը, աւանդութիւններուն ու ազգային արժէքներուն կառչած մնալը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սարդարապատ» կոմիտէին, եւ բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան համոյթին: Հանդիպելու նոր յոյսով ու մաղթանքով հանդիսատեսն ու համոյթը հրաժեշտ տուին իրարու:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանի` Մեծ Ծովանկարիչ Այվազովսքիին Նուիրուած Երկլեզու Ալպոմի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 98-րդ Լսարան. Դոկտ. Արա Սանճեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան Եւ Սոնիա Սիսլեան Զեկուցեցին Հայագիտական Եւ Գրադարանագիտական Գիտաժողովներուն Մասին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.