Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Յիսնամեակի Կալա-Ընթրիքը Հայ Դպրոցի Զօրակցութեան Նոր Առիթ Մը Հանդիսացաւ

November 3, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0223Տարուան մը վրայ երկարած յիսնամեակի տօնակատարութիւններէ ետք, ուրբաթ, 31 հոկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճը յոբելենական իր տարուան փակումը կատարեց կալա-ընթրիքով մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան, յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններ, հայ պետական եւ ազգային երեւելի դէմքեր, բարերարներ ու բարեկամներ: Երեկոն վայելեց բարձր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Կալա-ընթրիքին բացումն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց քոլեճի նախկին շրջանաւարտ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին յիսնամեակի յոբելենական մարմինին անունով` նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, քոլեճի անցեալի եւ ներկայի տնօրէններ Կարօ Յովհաննէսեան եւ Վիգէն Աւագեան, յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ Սարգիս Կիտցինեան եւ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Խօսքերը շեշտեցին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին ընդմէջէն հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին զօրավիգ կանգնելու կարեւորութիւնը: Անոնք լուսարձակի տակ առին քոլեճին ունեցած դերն ու վաստակը հայ կեանքի անցնող յիսուն տարիներուն եւ ընդգծեցին Պուրճ Համուտի սրտին մէջ գործող կրթական այս հաստատութեան միշտ յառաջադէմ եւ հզօր մնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէս երաշխիք հայ կեանքի կենսունակութեան եւ հայեցի առողջ դիմագիծի պահպանման:

IMG_0194Խօսքերու կողքին տեղի ունեցաւ յիսնամեակի նախագահ ամոլի պարգեւատրում` յատուկ յուշանուէրով: Նոյն առիթով ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան գիրը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի յիսնամեակին առիթով:

Կալա-ընթրիքի ամբողջ տեւողութեան ընթերցուեցան քոլեճին ի նպաստ աշխարհի տարբեր երկիրներէ կատարուած նուիրատուութիւններու ցանկեր, որոնց միացան քոլեճին Միացեալ Նահանգներու շրջանաւարտներուն եւ յիսնամեակի  նախագահ ամոլին կողմէ կատարուած 25 հազարական ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւնները, որոնք կալա-ընթրիքին կատարուած նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը հասցուցին 170 հազար ամերիկեան տոլարի:

Կալա-ընթրիքը փակուեցաւ յիսնամեակի կարկանդակի հատումով եւ հայ դպրոցի բարգաւաճման բարեմաղթութիւններու փոխանակումով:

Աւարտին, ներկաներուն մէկական օրինակներ նուիրուեցան քոլեճին յիսնամեակի յուշամատեանէն:

 

Նախորդը

Տարօրինակ Է, Որ Թուրքիան Չի Յայտարարեց Հայկական Եկեղեցւոյ Ցուցանակին Ուղղումը

Յաջորդը

Նշմար. «Ազդակ»-ի 98-րդ Լսարանը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.