Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ռիժքովը

November 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիժքով եւ նախագահ Սարգսեան
Ռիժքով եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է  Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի անդամ, հայ-ռուսական միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահ Նիքոլայ Ռիժքովի  գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի  Ազգային ժողովին եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովին միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 25-րդ նիստին մասնակցելու համար:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ համոզում յայտնած, որ միջխորհրդարանական յանձնախումբի երեւանեան նիստին արդիւնքները նպաստեն բարձր մակարդակի հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման: Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատած է Նիքոլայ Ռիժքովի անձնական ներդրումը Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու զարգացման եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ  կարեւոր դեր ունեցող միջխորհրդարանական կապերու սերտացման գործին մէջ: Նիքոլայ Ռիժքով շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` ընդունելութեան ու ջերմ խօսքերուն համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ պարբերաբար տեղի ունեցող միջխորհրդարանական յանձնախումբի նիստերուն կը քննարկուին երկու բարեկամ երկիրներուն համար այժմէական եւ կարեւոր հարցեր, որոնց նպատակն է աւելի խորացնել միջպետական բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները: Ան գոհունակութեամբ խօսած է յանձնախումբի 25-րդ նիստի արդիւնքներուն մասին: Հանդիպման  զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են 10 հոկտեմբերին Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրին Հայաստանի միանալուն մասին փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք Հայաստանի եւ Ռուսիոյ օրէնսդիր մարմիններուն մէջ անոնց քննարկման եւ վաւերացման նախապատրաստման ուղղուած աշխատանքներուն, միտքեր փոխանակած են Եւրասիական տնտեսական միութեան  ծիրին մէջ  հայ-ռուսական գործակցութեան զարգացման կարելիութիւններուն եւ հեռանկարին շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է, որ տարբեր անհատներ, լրատու միջոցներ ազատ են քննարկելու, քննադատելու այդ հոլովոյթը, ներկայացնելու իրենց մօտեցումները, եւ ատիկա բնորոշ է բաց հասարակութիւններուն, սակայն ակնյայտ է, որ ընդունուած այդ կարեւորագոյն որոշումը կը բխի երկու երկիրներուն շահերէն. համարկման հոլովոյթները կը միտին ամրապնդելու յարաբերութիւնները, նպաստելու Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու հզօրացման եւ այդ երկիրներու ժողովուրդներուն բարեկեցութեան բարձրացման:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Յայտնած Է Ընտրութիւններուն Իր Նախընտրած Թեկնածուներուն Անունները

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Հակազդէ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։