Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը երէկ վաւերացուց ապրանքներու առողջապահական պահանջներուն համապատասխանութիւնը հաւաստող անվտանգութեան միասնական փաստաթուղթի վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան, որ ներկայացուց տասնեակէ մը աւելի նախագիծեր, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն ետք նշեալ մարզին մէջ սպասուող փոփոխութիւններուն, ըսաւ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածքէն դուրս արտադրուած ապրանքներու առողջապահական փաստաթուղթը պէտք է տրամադրէ ապրանք արտադրողը կամ ներածողը:
Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ պէտք է յանձնարարական տրուի պատկան մարմիններուն` տեղեակ պահելու բոլոր փոփոխութիւններուն մասին:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր կարգին ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է բոլորը, յատկապէս անոնք, որոնց գործունէութիւնը կապուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան, տեղեակ պահել իրականացուող բոլոր փոփոխութիւններուն մասին:
«Ուժանիւթի նախարարութեան մէջ գործարարներու հետ չորեքշաբթի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, եւ գործարար միջավայրը տեղեակ չէ կատարուող փոփոխութիւններէն: Պատկան մարմինները պէտք է հրաւիրեն մարդիկը, եւ ըսեն, թէ ի՛նչ կը սպասուի անոնց յունուարէն ետք», ըսաւ վարչապետը:
Աբրահամեան Ընդունեց
Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակականութիւնը, երկկողմ կապերու աշխուժացումը եւ խորացումը կարեւոր նկատած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երկուստեք յաջող եւ արդիւնաւէտ գնահատուած է Հայաստանի վարչապետին վերջերս Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութիւնը: Աբրահամեան մասնաւորապէս նշած է, որ միջազգային ելեւմտական կառոյցներու ներկայացուցիչները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի կառավարութեան կողմէ տարբեր մարզերու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքէն եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են` շարունակելու աջակցութիւնը այդ ուղղութեամբ:
Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են հայ – ամերիկեան համագործակցութեան հետագայ ընթացքը: Վարչապետը ներկայացուցած է առանցքային մարզերու մէջ կառավարութեան նախաձեռնած ծրագիրները, որոնց շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ բարելաւել գործարար միջավայրը, օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւել եւ տնտեսական աճ ապահովել:
Դեսպանը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման կշռոյթը պահպանուի, եւ ողջունած է այդ նպատակով իրականացուող քաղաքականութիւնը: Ճոն Հեֆըրն վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու օժանդակել կառավարութեան, բարեփոխումներու իրագործման գործին մէջ:
Նաեւ` Նիքոլայ Ռիժքովը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունած է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի հայ-ռուսական միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի համանախագահ Նիքոլայ Ռիժքովը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Ողջունելով հիւրը` վարչապետը բարձր գնահատած է Նիքոլայ Ռիժքովի դերը հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ կառավարական եւ խորհրդարանական մակարդակներով իրականացուող աշխուժ աշխատանքները:
Նիքոլայ Ռիժքով վարչապետին ներկայացուցած է հայ-ռուսական միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբին մէջ քննարկուած հարցերն ու նախատեսուող ծրագիրները: Ռիժքով բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը:
Յովիկ Աբրահամեան եւ Նիքոլայ Ռիժքով քննարկած են հայ-ռուսական գործակցութեան առնչուող հրատապ հարցեր:


