Գլխաւոր լուրեր

1108_Aleppo

Հալէպի Մէջ Զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Պահակը

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին դիմաց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած պայթուցիկ տակառի մը պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի պահակ Նազարէթ Մալճեանը (1965-ի ծնունդ): Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։ Հանգուցեալին թաղմանական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:        

լօ1-f

Խմբագրական. Պատմութեամբ Զինուած Կերտել Այսօրը (ՀՅԴ Պատանիի Օրուան Առիթով)

Կազմակերպութիւնները, եթէ ունին հեռանկարային պատկերացումներ, ամէն բանէ առաջ կ՛ունենան մարդուժի պատրաստութեան համար կառուցակարգուած շտեմարան: Մարդուժի հաւաքագրումը այսօր տուեալ պետութեան կամ կազմակերպութեան համար առաջնահերթ խնդիր է, որ աշխուժ ձեւով կ՛իրականացուի: Համաշխարհային դրուածքով, ազգային պատկանելիութիւնները  արգելակիչ տուեալ չեն, որպէսզի ուսանողական տարիներուն արդէն իսկ փայլունութեամբ յատկանշուած անհատը ուղղակի-անուղղակի ձեւերով հաւաքագրուի, լրիւ կրթաթոշակ ստանայ, ապա հետագային հրաւիրուի ասպարէզի, որուն համար ալ ստանայ բարձր աշխատավարձ:...

1107_geagea-tachnak

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սամիր Ժահժահի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Աւետիս Կիտանեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Մեհրապի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին մէջ արձանագրուած քաղաքական զարգացումներն ու Լիբանանին սպառնացող ապահովական մարտահրաւէրները:

9042_b

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ  Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի 10-րդ նիստին մասնակցելու համար:  Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն շատ սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական մարմիններուն միջեւ...

1107_khorher

Ընտանիքին Նուիրուած Խորհրդաժողովը Դարձաւ Իսլամ-Քրիստոնեայ Համակեցութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտող Առիթ Մը

Կազմակերպութեամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին եւ գործակցութեամբ Վատիկանի, երէկ յետմիջօրէին Ռապուէի «Լիքա» քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ընտանիքը եւ դարու մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին: Խորհրդաժողովը դարձաւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող, Միջին Արեւելքի մէջ բազմազանութիւնը պահպանելու եւ համերաշխութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը ընդգծող հանդիսաւոր առիթ մը: Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան վարչապետ...

1107_BADANI

Պատանիի Օրուան Առիթով. Պատանեկան Միութիւններուն Մաս Կազմող Պատանին Անպայման Կը Զատորոշուի Ուրիշներէ

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին (ԸՎՄ) կազմակերպութեամբ, կիրակի, 8 նոյեմբեր 2014¬ին` երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պիտի նշուի «Պատանիի օր»-ը` նուիրուած Սուլուխի կռիւին: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Կարօ Յակոբեանի, Արին Չեքիճեանի եւ Արա Բարսեղեանի հետ, որոնք խօսեցան Հայ պատանիի օրուան նշումին, պատանեկան շարքերուն մէջ տրուած դաստիարակութեան, իբրեւ մարդ եւ...

1106_souren-Khanamirian-f

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Երկար Տարիներու Անդամ Սուրէն Խանամիրեան Ոչ Եւս Է

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի երկար տարիներու անդամ, նախկին երեսփոխան եւ Ազգային բարերար Սուրէն Խանամիրեան: Ստորեւ կու տանք նախկին երեսփոխանին կենսագրական հակիրճ գիծերը: Կենսագրութիւն` Նախկին Երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի Ծնած է Պէյրութ, 28 փետրուար 1924-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է Ազգային Ս. Նշան վարժարանին մէջ. համալսարանական ուսումը ստացած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքին մէջ: 1950-ականներուն ուսուցիչ եղած է Ս. Նշան...

Fotor110613120-f

Խմբագրական. Մերժեցի՛նք Երկարաձգողներու Եւ Պոյքոթողներու Ընտրանքները

Լիբանանի խորհրդարանի  չորեքշաբթի օրուան նիստը իր կանխատեսելի արդիւնքով հանդերձ, Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր հանգրուան ըլլալու հանգամանքները կը լրացնէ: Երկիրը կ՛անցնի տագնապալի շրջանէ: Համալիբանանեան հիմնական միասնական խորհրդանիշ համարուող բանակը թիրախ է այսօր արտաքին ուժերու ներշնչումներէ սնուած ահաբեկչական  զինեալ խմբաւորումներու: Բանակին հարուածումով, անոնք կը նպատակադրեն անկայունացնել երկիրը ամբողջ եւ  աննախատեսելի իրավիճակներու առաջնորդել զայն: Ապահովական այս անկայունութեան վրայ կ՛աւելնան քաղաքական անորոշութիւնը եւ...

Fotor1106132644-(1)-f

Հայ Դատի Յանձնախումբին Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներուն 95 Տոկոսը Ընտրուեցաւ

Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցած  ընտրութիւններուն արդիւնքով, յաջորդ Քոնկրեսը պիտի գտնուի Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջական հակակշիռին տակ: Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան մէջ արդէն իսկ մեծամասնութիւն հանդիսացող հանրապետականները կրցան բաւարար աթոռներ ապահովել` մեծամասնութիւն մը դառնալու համար նաեւ Ծերակոյտին մէջ, երկրի դաշնակցային օրէնսդիր մարմինները իրենց հսկողութեան տակ առնելով: Հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ իրենց դիրքերը զօրացուցին եւ շարք մը աւանդաբար դեմոկրատականներու համակիր...

1106_Boyer-f

Վալերի Պուայէ Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր Օրինագիծը Արդէն Ներկայացուցած Է Ֆրանսայի Խորհրդարանին

Վալերի Պուայէ Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի` Մարսէյէն ընտրուած երեսփոխան Վալերի Պուայէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ներկայացուցած է խորհրդարան: Ըստ նոր օրինագիծին, Ցեղասպանութեան ժխտման համար 5 տարուան բանտարկութիւն եւ 45 հազար եւրօ տուգանք պիտի սահմանուի: Թրքական կայքը կը տեղեկացնէ, որ շուրջ 80 հազար հայ բնակչութիւն ունեցող Մարսէյէն ընտրուած Պուայէն 23 երեսփոխաններու ստորագրութեամբ օրինագիծը 4 նոյեմբերին...

1106_Aznavour

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Ազնաւուրին Տուած Են Յուշանուէր, Որ Կը Ներկայացնեն Իբրեւ Մրցանակ

«Երկիր»-ի կայքը տեղեկացուց, որ «ՍիվիլՆեթ» կապ հաստատած է թրքական «Փոսթա» թերթի խմբագրութեան եւ Ազնաւուրի հարցազրոյցի հեղինակ, թուրք արտադրիչ Էրքան Էօզերմանի հետ, եւ ան հաստատած է, որ Ազնաւուր  ընդունած է մրցանակը: Լրագրողը «ՍիվիլՆեթ»-ին տրամադրած է նաեւ լուսանկարներ` Ազնաւուրը մրցանակը ձեռքին: «Երկիր»-ին հետ զրոյցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց  նախարարի մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանը նշած է, որ իրենք կը պնդեն` Ազնաւուր մրցանակ...

1106flags

Ակնարկ. Ստեփանակերտէն Դէպի Ինքնորոշուելու Փորձ Կատարող Ժողովուրդներ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Քանատա կը տեղադրուի Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տարբեր երկիրներ այցելութեան, Արցախի քաղաքական խնդիրները միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծելու, անշուշտ ազրպէյճանական ապակողմնորոշող քաղաքականութեան դիմաց առարկայական տուեալներ փոխանցելու եւ նաեւ տեղւոյն հայ համայնքներուն հետ հանդիպումներ ունենալու ընդհանուր պարունակին մէջ: Քանատա կատարուած այցելութեան նկարագրականը եւս այդ տպաւորութիւնն ու համոզումը կը փոխանցէ: Կարելի է ըսել, որ այս բոլորին մասին պաշտօնական...

լօ1-f

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, երեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցը, որ իբրեւ գլխաւոր կէտ դրուած էր խորհրդարանի երէկուան նիստին օրակարգին վրայ: Նիստէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ երբ կուսակցութիւնը նախորդ անգամ համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան 19 ամիսով երկարաձգման, ապա այդ որոշումը տուաւ...

1105_khorhertaran

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Որոշումով Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Դէմ Քուէարկեց Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին

Իր պաշտօնավարութիւնը մէկ տարի եւ եօթը ամիսով երկարաձգած խորհրդարանը երէկ երկրորդ անգամ ըլլալով երկարաձգեց իր պաշտօնավարութիւնը, սակայն այս անգամ երկու տարի եւ եօթը ամիս տեւողութեամբ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահած խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումարին ընթացքին քննարկուեցան կարգ մը օրինագիծեր, որոնց շրջագիծին մէջ խորհրդարանը նուազ քան տասը վայրկեանէն երկարաձգեց իր պաշտօնավարութիւնը: Նիստին ներկայ 97 երեսփոխաններէն 95-ը թեր քուէարկեցին այդ օրինագիծին: ՀՅԴ Լիբանանի...

1105_aznavour1-f

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը` Ազնաւուրի Հարցազրոյցին Կապակցութեամբ

ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպան Շարլ Ազնաւուրի աղմուկ հանած հարցազրոյցին  կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան «Երկիր»-ին յայտնած է, որ նման հարցազրոյց չէ եղած եւ թէ շուտով Ազնաւուրի կողմէ կ՛ըլլայ համապատասխան արձագանգ: Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարարութեան «ֆէյսպուք»-ի էջին մէջ հրապարակուած է հետեւեալ պարզաբանումը. «Շարլ Ազնաւուր թրքական ոչ մէկ թերթի հարցազրոյց տուած...

Fotor0717143022-f

ՀՅԴ-ն 12 Նոյեմբերին Պիտի Կանգնի «Դէմ Եմ» Շարժումի Կողքին

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը կը պատրաստուի 12 նոյեմբերին միանալու «Դէմ եմ» շարժման երիտասարդներուն` պահանջելու համատեղութեամբ աշխատող դասախօսներուն եւ գիտաշխատողներուն խնդրի լուծումը: NEWS.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, կուտակային կենսաթոշակներու մասին նոր օրէնքի դէմ աշխուժօրէն պայքարող Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ եթէ քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը շարժում կը  կազմակերպէ, իրենց խմբակցութիւնը բնականաբար երիտասարդներու կողքին է: «Միւս ուժերուն անունով չեմ կրնար խօսիլ,...

9008_b

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Լիտինկթընը

Լիտինկթըն եւ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընը: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած  են հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն  առնչուող հարցեր` ընդգծելով, որ երկկողմ քաղաքական հաղորդակցութիւնները վերջին շրջանին աշխուժացած են: Նախագահ Սարգսեան եւ Տէյվիտ Լիտինկթըն յոյս յայտնած են, որ այդ հաղորդակցութիւնները շարունակական ըլլան, եւ հայ-բրիտանական համագործակցութիւնը զարգանայ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով: Հանրապետութեան...

1103_Nalbandian_David-Lidington

Բրիտանիա Հայաստանը Կարեւոր Գործընկեր Կը Նկատէ

Լիտինկթըն եւ Նալբանդեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունած է  պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող  Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընը: Տեսակցութեան ընթացքին Լիտինկթըն նշած է, որ Բրիտանիա Հայաստանը կը նկատէ իբրեւ կարեւոր գործընկեր, եւ իր այցելութեան նպատակը եւ ուղերձը Հայաստանի հետ համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելն է: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ  ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Նալբանդեան բրիտանացի...

1103_tsegh

Ֆրեզնոյի Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Հիմնարկէքի Արարողութիւն

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ գտնուող Սան Խոաքին դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքի արարողութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդուած է ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի. 30» պատկերասփիւռի կայանէն: Ֆրեզնոյի ճարտարապետներէն Փոլ Հալլաճեանի նախագծած յուշարձանը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին համար մշակութային նշանակութիւն ունեցող խորհրդանիշները: Պեթոնէ եւ տուֆէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի նմանողութեամբ կառուցուող յուշարձանը բաղկացած պիտի...

1103_Garen-Mirzoyan_Quebec

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելած Է Քեպեք

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան շաբաթ մը առաջ սկսած աշխատանքային այցելութիւնը Քանատա աւարտած է Քեպեք նահանգին մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցած է Մոնրէալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, նահանգային խորհրդարանի շարք մը անդամներու հետ: Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը   կը տեղեկացնէ, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Միրզոյեան անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ  տեղի ունեցող զարգացումներուն, գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն,...

Page 817 of 885 1 … 816 817 818 … 885