Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իւրաքանչիւր Թիզ Հողի Համար Պիտի Պայքարինք» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

November 3, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Աշոտեան, Սէյրան Օհանեան եւ Մանուէլ Գրիգորեան
Արմէն Աշոտեան, Սէյրան Օհանեան եւ Մանուէլ Գրիգորեան

Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի բանակցային սեղանին դրուած փաստաթուղթին, ուր դրոյթ մը կայ նաեւ Ստեփանակերտի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու վերադարձին մասին, շաբաթավերջին յայտարարեց, թէ պիտի պայքարին ամէն թիզ հայկական հողի համար:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին պատասխանելով, թէ նաեւ այդ շրջաննե՞րը նկատի ունի՞, Օհանեան պատասխանեց. «Եթէ Արցախին վտանգ մը սպառնայ, անկասկած մենք իւրաքանչիւր թիզ հողի համար պիտի պայքարինք»:

Ոչ մէկ թիզ հող. Սէյրան Օհանեանի տեսակէտը կը կիսէ նաեւ Արցախի հերոս, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախագահ, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան, որ հարցումին ի պատասխան ըսաւ. «Մարդ ենք ման գալիս, տեսնենք, ով է ուզում հող տայ»:

«Ես չեմ մտածեր, ես 25 տարի առաջ գործեցի եւ գործը փակեցի: Եթէ ուրիշներ կը  մտածեն, թող մտածեն: Ես Ղարաբաղի գործը աւարտած եմ վաղուց: Եթէ փոխանակման խնդիր ունի [Ազրպէյճանը], մենք ալ շատ հողեր ունինք անոնց ձեռքը, ատիկա կարելի է արդէն մտածել, բայց այդ մէկը գործս չէ, դիւանագէտներուն, քաղաքական գործիչներուն գործն է», ըսաւ Գրիգորեան:

Պաշտպանութեան նախարար Օհանեան իր կարգին ընդգծեց, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերջնագիծը փոխադարձ վստահութեան ստեղծումն է` շեշտելով սակայն, որ ազրպէյճանական կողմը վստահութեան ուղղուած ձեռնարկներուն միշտ բացասական պատասխանած է: Օհանեան յիշեցուց, որ հայկական կողմը սովորաբար պաշտպանական ձեւեր կը կիրարկէ, մինչդեռ Ազրպէյճան կը շարունակէ հետախուզական գործողութիւններ իրականացնել:

Անդրադառնալով այժմ Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ազրպէյճանցի հետախոյզներու  դատավարութեան` Օհանեան ըսաւ, որ անոնք պիտի ստանան իրենց պատիժը` ընդգծելով, որ դատավարութիւնը կ՛ընթանայ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան:

«Արցախը այստեղ ալ ցոյց  կու տայ, որ ժողովրդավարական երկիր է եւ իր դատական իշխանութեան ձեւաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջատարներէն մէկն է մեր շրջանին մէջ», ըսաւ նախարարը:

 

Նախորդը

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 135-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Մարսէյի Մէջ Ֆութպոլի Խաղի Մը Ընթացքին «Ազրպէյճան` Ոճիրի Երկիր»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.