Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ազրպէյճանցի հետախոյզներու դատավարութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը հետեւի՞ն իրավիճակին եւ արդեօք դէպքին առիթով մտահոգութիւններ յայտնա՞ծ են հայկական կամ ազրպէյճանական կողմին, ան ըսած է. «Ճիշդ այս դէպքին մասին մենք շատ տեղեկութիւններ չունինք: Մենք դարձեալ կը յայտնենք, որ կողմերուն համար կարեւոր է անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման համար հիմ դնելու նպատակով: Մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն կրկնապատկելու իրենց ջանքերը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ կեդրոնանալու այն օգուտներուն վրայ, զորս խաղաղութիւնը պիտի բերէ շրջանի մարդոց»:
Ինչ կը վերաբերի միջադէպին, Փսաքի չէ մեկնաբանած զայն եւ յայտնած է, որ ինք տակաւին տեղեակ չէ Միացեալ Նահանգներու վերաբերմունքին մասին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք դատավարութիւն կատարելը կը համապատասխանէ՞ խաղաղութեան ուղղութեամբ պահանջուող քայլերուն, Փսաքի պատասխանած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տակաւին տեղեկութիւններ չունի միջադէպի բոլոր առանձնայատկութիւններուն մասին:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Արցախի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Ստեփանակերտի նստավայրին մէջ սկսած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանին մէջ ձերբակալուած ազրպէյճանցի հետախոյզներ Տիլհամ Կարտաշխանօղլու Ասքերովի եւ Շահպազ Ճալալօղլու Կուլիեւի դէմ յարուցուած քրէական գործի դատաքննութիւնը:


