
Պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթիեն Մահչուփեան վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական նշանակուելէն ետք առաջին անգամ հարցազրոյց տուած է: Ըստ «Աքշամ» թերթին, Մահչուփեան խօսելով Հրանդ Տինքի դատավարութեան հարցին մէջ կառավարութեան դրսեւորած վերաբերմունքին մասին, նշած է, որ ատիկա Թուրքիոյ Հանրապետութեան դատն է: Այդ իսկ պատճառով ինքն ալ իբրեւ հայ որոշած է չհետաքրքրուիլ այդ դատավարութեամբ: «Այս դատը ինծի, իբրեւ հայ, ոչ մէկ ըսելիք ունի: Ինծի համար կարեւոր չէ, 5 թէ 55 մարդ կը դատապարտեն: Այստեղ այլ առերեսումի մը կարիք կայ: Եթէ կուսակցութիւնը, կառավարութիւնը իր խիղճին փնտռտուքներուն համար կը ցանկայ թղթածրարներ բանալ եւ կրկին ուսումնասիրել, ատիկա թուրք հասարակութեան եւ իսլամական հատուածին խիղճը կը թեթեւցնէ եւ իսկապէս արժէքաւոր կ՛ըլլայ: Սակայն եթէ կը կատարուի իրաւական պահանջներէ եւ Եւրոպական Միութեան ճնշումներուն պատճառով, ատիկա ինծի համար ոչ մէկ նշանակութիւն, իմաստ ունի», ըսած է Մահչուփեան:
Լրագրողին այն հարցումին, թէ իբրեւ վարչապետի խորհրդական, 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին կապուած ինչպիսի՞ սպասելիքներ ունի, աշխարհի մէջ ի՞նչ արձագանգներ կ՛ըլլան եւ ի՞նչ պէտք է ընէ Թուրքիա, Մահչուփեան նշած է, որ հայկական աշխարհը շատ բազմաշերտ է (Հայաստան, սփիւռք, Թուրքիոյ հայ համայնք), եւ ատիկա կը թեթեւցնէ Թուրքիոյ գործը, սակայն նոյն ատեն կ՛աւելցնէ պատասխանատուութիւնը:
«Թուրքիոյ գործը կը թեթեւնայ, որովհետեւ ընդհանրական մէկ պահանջի դէմ յանդիման չի կանգնիր: Իսկ պատասխանատուութիւնը աւելնալու առումով, եթէ ուզէ` Թուրքիա կրնայ ոչինչ ընել, սակայն ատիկա ալ ուշադրութիւն կը գրաւէ: Ատիկա ցոյց կու տայ, որ Թուրքիա սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու հարցին մէջ կասկածներ ունի», ըսած է նոր նշանակուած խորհրդականը:


