
Պաշտօնական այցելութեամբ Յորդանան գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մեկնած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը:
Նախագահը շրջագայած է քրիստոնէական այդ սրբավայրին մէջ, ապա իր տպաւորութիւնը արձանագրած պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը Երուսաղէմի հայոց պատրիարքին, Յորդանանի հոգեւոր առաջնորդին եւ Յորդանանի հոգեւոր առաջնորդութեան եւ ազգային տեղական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին, հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ իր գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներուն հետ նաեւ այցելած է հայկական Ս. Կարապետ եկեղեցի:
Աւարտելով պաշտօնական այցելութիւնը Յորդանան` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Երեւան վերադարձաւ:


