Ազգային ժողովի երէկուան նիստին, ուր կը քննարկուէր Հայ ազգային քոնկրէսին կողմէ ներկայացուած կառավարման ճգնաժամի մասին նախագիծ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է իր խմբակցութեան տեսակէտը: Նախքան անոր խօսք տալը, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ըսած է. «Խօսքը կը տրուի Հայ յեղափոխութիւն դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին»: Ապա ինքն իրեն սրբագրելով ըսած է. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, այնքան խօսեցան յեղափոխութեան մասին, որ®»:
Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ երկրորդ օրն ըլլալով կը քննարկուի երկրին մէջ յառաջացած կառավարման ճգնաժամի մասին նախագիծը, եւ երկու օր է` կը լսուին փոխադարձ մեղադրանքներ, երբեմն` հայհոյանքներ: Ըստ պատգամաւորին, Ազգային ժողովին մէջ պէտք է նաեւ ելքեր առաջարկուին, որպէսզի ստեղծուած վիճակէն դուրս գան համախմբուած: «Ճգնաժամ բառը, ըստ Էդուարդ Աղայեանի բացատրական բառարանին, քաղաքական լարուած դրութիւնն է պետութեան ներքին եւ արտաքին գործերուն մէջ: Այլ բառարանով մը ճգնաժամ բառը կը նշանակէ «որոշում, շրջադարձային կէտ, անցումային վիճակ»: Այդ բացատրութիւնները կը նշանակեն, որ պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձուի երկրին մէջ ստեղծուած վիճակին», ըսած է Արծուիկ Մինասեան` շեշտելով, որ պետական արատի եւ հիմնական խնդիրի` փտածութեան դէմ պայքարելու ատեն պէտք է ուշադիր ըլլալ: Ուրեմն, ըստ պատգամաւորին, պէտք չէ խորշիլ «փտածութիւն» բառէն:
«Պէտք է ճշմարտութեան նայինք բաց աչքերով: Երկրին մէջ գոյութիւն ունի փտածութիւնը, կայ մենաշնորհ եւ անոնց դէմ անարդիւնաւէտ պայքար», ըսած է ան: Ինչ կը վերաբերի փաստաթուղթին մէջ ընտրական հիմնարկներուն նկատմամբ հանրութեան անվստահութեան, արտագաղթին, Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ ատիկա գոյութիւն ունի, ատոր մասին իշխանութիւնն ալ կը խօսի: Իսկ անվստահութիւն կայ պետական կառավարման բոլոր մարմիններուն նկատմամբ, բացառութեամբ` բանակին: Պատգամաւորը, թուելով գոյութիւն ունեցող սուր խնդիրները, հարցուցած է. «Գոյութիւն ունի՞ արդեօք կառավարման ճգնաժամ, թէ՞ ոչ: Ճշմարտութեան բաց աչքերով նայելով, պէտք է ըսենք` այո՛, կայ կառավարման ճգնաժամ, բայց ատիկա համակարգային է, եթէ չկարենանք ճիշդ ախտորոշել, չենք կրնար ճիշդ ելքեր առաջարկել», ըսած է պատգամաւորը աւելցնելով, որ ելքը սահմանադրական բարեփոխումներն են կամ ալ արիւնահեղութիւնը եւ ցնցումները: Եւ եթէ բոլոր քաղաքական ուժերը դէմ են ցնցումներուն եւ արիւնահեղութեան, կը մնան համակարգային բարեփոխումները: Արծուիկ Մինասեանի համոզումով, առանց սահմանադրական կարգաւորումներու անկարելի պիտի ըլլայ իրականացնել համակարգային փոփոխութիւններ:
Խօսելով ընդդիմութեան 12 կէտերուն մասին` պատգամաւորը նշած է, որ կառավարութիւնը անգործութեան մատնուած է եւ ուշադրութիւն չի դարձներ այդ կէտերուն, աւելին` կ’արհամարհէ: Արծուիկ Մինասեան առաջարկած է ոչ թէ իրար վիրաւորել, այլ համախմբուիլ` իրականացնելու համար նաեւ այդ 12 կէտերը: «Մինչ այստեղ մէկը կ՛ըսէ` դուն հիւանդ ես, միւսն ալ կ՛ըսէ` ոչ, դուն ես հիւանդը: Լաւ, եթէ մէկը հիւանդ է, կը նշանակէ հիւանդ են բոլորը: Հիւանդ խնձորը չի կրնար չհիւանդացնել առողջ խնձորները», ըսած է պատգամաւորը` աւելցնելով, որ այդ քննարկումները պէտք չէ գոլորշի արձակելու նման բան մը ըլլան, այլ պէտք է արդիւնաւէտ ըլլան: Արծուիկ Մինասեան առաջարկած է այդ փաստաթուղթը խմբագրել այնպէս, որ յետոյ հետեւին գործողութիւններ, բովանդակային քննարկումներ ըլլան, իրականացուին որոշ քայլեր թէ՛ ընդդիմութեան դերակատարութեան բարձրացման, թէ՛ ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւման ուղղութեամբ: «Ամէնէն կարեւորը` իւրաքանչիւրս ստանձնենք պատասխանատուութիւն վաղուան համար: Ի վերջոյ, պէտք է հասկնանք, որ իրարու թշնամի չենք, հակառակորդներ չենք», ըսած է Արծուիկ Մինասեան:


