Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է Հայաստանի նախագահի գլխաւոր ռազմական տեսուչ, զօրավար-գնդապետ Միքայէլ Յարութիւնեանը:
Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին, հանդիպման, որուն ներկայ եղած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, քննարկուած են բանակաշինութեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: