Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Փետրուար 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

22615_af-7Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն:

Րաֆֆի Տեմիրճեա
Րաֆֆի Տեմիրճեա
Յակոբ Լատոյեան
Յակոբ Լատոյեան

Խօսք առաւ «Զգուշ» պարբերաթերթի պատասխանատու խմբագիր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ յայտնեց, թէ գաղութի մէջ նախազգուշական -առողջապահական պարբերաթերթ մը ունենալու պահանջը, որ ակներեւ էր, արդէն իրականութիւն դարձած է: Ան ըսաւ, թէ առողջապահական բազմատեսակ հարցերու կողքին, ինչպէս նաեւ երիտասարդները յոռի երեւոյթներէն զգուշացնող եւ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրող «Զգուշ»-ը նոյնպէս պիտի ծառայէ նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՖՀԻԼ-ի գործունէութիւններու զարգացման` կարելի եղածին չափ ստեղծելու պարբերաթերթին ընդմէջէն համապատասխան կապեր առողջապահական եւ ապահովագրական մարզերուն մէջ:

22615_af-1Ան եզրափակեց խօսքը մաղթելով բարի երթ «Զգուշ»-ին եւ ըսելով, որ ԱՖՀԻԼ անգամ մը եւս կու գայ ապացուցելու, որ տէրն է իր պատասխանատուութեան եւ առաքելութեան:

Ապա խօսք առաւ ԱՖՀԻԼ-ի ապահովագրական ընկերութեան տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, որ նկատել տուաւ, թէ արձանագրուած յաջողութիւնները, նպաստներու եւ օգտակար ծրագիրներու իրագործումները կ՛իրականանան շնորհիւ ԱՖՀԻԼ-ի անդամներուն, որոնց թիւը տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, եւ որոնք առաջին օրէն զօրավիգ կանգնած ու քաջալեր հանդիսացած են ընկերութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Ան նկատել տուաւ, թէ «Բժիշկ» ամսագիրէն ետք գաղութը երկրորդ անգամ ըլլալով առիթ պիտի ունենայ նոյնանման պարբերաթերթ մը ունենալու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայ բժիշկներուն, որոնք իրենց յօդուածներով հարստացուցին առաջին թիւը, եւ ըսաւ, թէ «Զգուշ»-ը լոյս պիտի տեսնէ տարին հինգ անգամ, 1500 տպաքանակով եւ ձրիօրէն պիտի բաժնուի:

Լատոյեան յայտնեց, որ 1 մարտ 2015-էն սկսեալ ԱՖՀԻԼ-ի 6000 անդամները Հայաստանի մէջ որեւէ բժշկական բուժում կրնան կատարել «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին մէջ: Եւ այսպէս, ԱՖՀԻԼ-ը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նոր դուռ մը կը բանայ եւ ուսանողական, երիտասարդական, մշակութային, մարզական, կրօնական գործակցութիւններու կողքին աշխատանքի նոր դաշտ մը կը ստեղծուի:

Ան ըսաւ, որ ԱՖՀԻԼ իր տարեկան հասոյթէն յատկացում կատարած է ուսանողներուն, աշակերտներուն եւ միութիւններուն, եւ մարտ ամսուան ընթացքին Ֆանարի մէջ նաեւ մարզական երրորդ կեդրոնի մը բացումը պիտի կատարէ:

Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ ԱՖՀԻԼ նոր յոյս ու շունչ կու տայ մեր գաղութին, հակառակ տիրող անորոշ կացութեան:

Շահան Գանտահարեան
Շահան Գանտահարեան
Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան
Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան

Խօսք առաւ նաեւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ողջունեց «Զգուշ» պարբերականի հրատարակութեան նշումը իբրեւ երեւոյթ, ապա նշեց, թէ ԱՖՀԻԼ-ի բազմաճիւղ գործառոյթներուն կամաւոր ստանձնումը շատ կարեւոր յատկանիշ է, որ արդէն լիբանանահայ ընտանիքին համար դարձած է ապահով հասցէ, որ ի վիճակի է ծառայութիւն մատուցելու եւ հարց լուծելու: Ան նշեց նաեւ, որ ԱՖՀԻԼ փաստած է նաեւ, որ ինք դժուար պայմաններու յաղթահարմանն եւ լուծման համար միջոցներ որոնող ու գտնող համակարգ է:

Ան շարունակեց խօսքը ըսելով, թէ ԱՖՀԻԼ-ի բազմաթիւ գործառոյթներուն վրայ կու գայ աւելնալու «Զգուշ»-ը, որ կը միտի հայ ընտանիքը առողջ պահել եւ առողջապահական խնդիրներուն իրազեկ դարձնել, յոռի բարքերէն հեռու պահել, կանխարգիլել ինչ որ կրնայ խաթարել հայ երիտասարդութեան առողջ ապրելակերպը:

Ան աւարտեց խօսքը հաւատալով, որ «Զգուշ»-ը օգտակար պիտի դառնայ յիշեալ առաջադրանքներու իրականացման ճամբուն վրայ:

Ձեռնարկին խօսք առաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ եւ «Զգուշ»-ի խմբագրական կազմի անդամ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան:

Ան ողջունեց ներկաները եւ բացայայտեց «Զգուշ» պարբերաթերթի դրական յատկանիշները, որ  կը միտի գաղութի կարողականութիւններուն առաւելագոյն համակարգման, հայ բժիշկներու համագործակցութեան, Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը լուսարձակի տակ առնելուն : Ան նշեց, որ պարբերաթերթի յատկանիշներէն է այլազանութիւնը եւ այժմէականութիւնը: Թերթը պիտի ընդգրկէ բժշկական հիւանդութիւններ, ընդհանուր նախազգուշական- առողջապահական գիտելիքներ, բարդացող առողջապահական համակարգի մասին տեղեկութիւններ: Ան ըսաւ, որ հայոց լեզուով ըլլալը ինքնին մարտահրաւէր է. երբ համաշխարհայնացումի ալիքը եւ համացանցի կայսրութիւնը կը սպառնան մեծ ազգերու լեզուներուն նաեւ, «Զգուշ» -ին հայերէն լեզուով հրատարակութեան երեւոյթը ինքնին իրագործում է եւ անհրաժեշտութիւն:

Ան յայտնեց նաեւ, որ նման պարբերաթերթի մը հրատարակումը կ՛ենթադրէ տեսլական, նիւթական-կազմակերպական բացառիկ ճիգ, որ կ՛ապահովուի ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնութեան մակարդակով, ապա աւելցուց. «Այս դժուար պայմաններուն մէջ, երբ տրամաբանութիւնը եւ առարկայական վերլուծումը կը յուշեն վայրէջք, այս պարբերաթերթին հրատարակումը կը յուշէ վերելք»:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ողջունեց Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ԱՖՀԻԼ-ի գեղեցիկ ու արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւնը եւ նոյնպէս «Զգուշ»-ի հրատարակութիւնը, որ հայ համայնքի զաւակներուն գիտական բժշկական իրազեկութիւնը կը բարձրացնէ, կը զգուշացնէ վտանգաւոր երեւոյթներէն:  Ան յաջողութիւն մաղթեց ԱՖՀԻԼ-ին` ընդլայնուած բազմաբովանդակ գործունէութիւններու իրականացման առիթով, ապա ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի յղած նամակը, որով նախարար Յակոբեան կը յայտնէ իր սրտագին ողջոյններն ու շնորհաւորանքները գեղեցիկ ձեռնարկին առիթով եւ ուր կ՛ըսէ, թէ ԱՖՀԻԼ ապահովագրական ընկերութեան հիւանդանոցային սպասարկման ոլորտին մէջ Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին հետ համագործակցութեան ծրագիրի սկիզբը լաւագոյն ապացոյցն է տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստան-սփիւռք օրըստօրէ զարգացող գործակցութեան, սփիւռքի հայաստանակեդրոն կողմնորոշման ու երաշխիքը սփիւռքի ներուժի օգնութեամբ հայոց պետութեան զօրացման:

Հրանուշ Յակոբեան նամակով կ՛ողջունէ ԱՖՀԻԼ-ի գործունէութեան ուղղուածութիւնը դէպի Հայաստան ուղղորդելու նախաձեռնութիւնը, երբ արդէն կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարին, երբ կարեւորութիւն կը կազմէ համախմբումը ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ եւ հզօր ու ապահով Հայաստանի կառուցումը:

Ան կը մաղթէ ուժ եւ կորով, որպէսզի նոր մտայղացումներով, միասնականութեան ու ազգային կեանքի նորոգութեան ձեռնարկներով շարունակենք նպաստել համայնքային կեանքի աշխուժացման, հզօր ե ւ մշակութային կեանքի զօրացման, հայրենիք-սփիւռք կապերու աւելի սերտացման, հայ ազգի համախմբման ու բարգաւաճման եւ Հայաստանի հզօրացման:

Նախորդը

Մամլոյ Ասուլիս` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ Կայանալիք «Հայերը Լիբանանի Մէջ-100 Տարի» Խորագրեալ Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին Մասին

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?