Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Մենք Պէտք Է Ծրագրուած Աշխատինք, Եւ Նոյն Տիկինը Չփորձէ Նենգափոխել Փաստերը»

Փետրուար 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22515_rousՀայաստանի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ հարցում պատասխանի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան  հարցում ուղղեց Հայաստանի Հանրապետութեան  արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին:

«Հարցումս կը վերաբերի ներթափանցող այն խմբակին, որ վնասազերծուեցաւ Ղարաբաղի մէջ: Դատավարութիւնը կատարուեցաւ, բայց ատոր  կապուած, միջնորդութեամբ հանդէս եկած են Միացեալ Նահանգներ: Եւ կրկին մտահոգութիւն ունիմ, որ հարցը տեղափոխուի այլ դաշտ, նենգափոխուի հարցի էութիւնը, որովհետեւ մենք յստակ գիտենք, թէ Ազրպէյճան ի՛նչ քաղաքականութիւն կը վարէ եւ ամբողջութեամբ խնդիրը գլխիվայր կը ներկայացնէ միջազգային հանրութեան` ըսելով, որ գոյութիւն չունեցող պետութիւնը կը դատապարտէ գոյութիւն չունեցող դատարանին մէջ: Եւ եթէ խնդիրը կը տեղափոխուի  մարդասիրական դաշտ, ատիկա կը ներկայացուէր  միջնորդութեան մէջ, Ազրպէյճան մարդասիրական դաշտէն դուրս կը գործէ: Մենք անհաւասար  պատասխան պէտք է տանք Ազրպէյճանի քարոզչութեան, ասիկա առիթ է, եթէ կ՛ուզենք դիմակազերծել Ազրպէյճանի նենգ քաղաքականութիւնը: Իսկ միջնորդներէն մեզի  դիմելէ առաջ պէտք է պահանջենք, որ անոնք հրապարակաւ խոստովանին, որ ներթափանցողները յանցագործութիւն կատարած  են: Իսկ պաշտօնական Պաքուն ցարդ  նման յայտարարութիւն չէ կատարած: Ի՞նչ պիտի ընենք  այս ուղղութեամբ», հարցուցած է Ռուստամեան:

Էդուարդ Նալբանդեան նախ նշած է, որ քանի մը օր առաջ ինք արձագանգած է ազրպէյճանցի ներթափանցողներուն վերաբերեալ հարցին, նշած է, որ ներթափանցողներուն կողմէ կատարուած յանցագործութիւնները, սպանութիւնները բացայայտուած, փաստագրուած եւ ապացուցուած են, ներառեալ` 17-ամեայ պատանիին առեւանգումն ու սպանութիւնը:

«Միջազգային հանրութիւնը քաջատեղեակ է, որ Ազրպէյճան կը հերոսացնէ իր մարդասպանները, ինչպէս ատիկա եղաւ տխրահռչակ Սաֆարովի պարագային: Բնական է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը կը խօսի մարդասիրական իրաւունքին մասին, բայց ի՞նչ մարդասիրական իրաւունք կրնայ ըլլալ Ազրպէյճանի պարագային», ըսած է  նախարարը, թուելով Ազրպէյճանի բազմաթիւ  անտրամաբանական եւ մարդասիրութենէ դուրս արարքները, որոնք կը վերաբերին թէ՛ Հայաստանի նկատմամբ ատելութեան սերմանումին, թէ՛ Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վերաբերմունքին: Նալբանդեան ըսած է նաեւ, որ եռանախագահները այդ հարցը չեն արծարծած:

Արմէն Ռուստամեան ըսած է. «Իմ մտահոգութիւնս  այն է, որ Ազրպէյճան այդ անձերը վերադարձնելու վերաբերեալ այսօր պահանջատիրոջ կարգավիճակով կը ներկայանայ, եւ եթէ մենք համապատասխան դիւանագիտական քայլերը չկատարենք, եւ եթէ անոնք վերադարձնեն, ատիկա յաղթանակ կը նշանակէ Ազրպէյճանի քարոզչական դաշտին մէջ: Բայց ասիկա առիթ է, որ մենք ծրագրուած աշխատինք, եւ օրինակ, նոյն տիկինը չփորձէ նենգափոխել փաստերը, խօսելով գերիներու փոխանակման մասին: Ասիկա այդ դէպքը չէ, անոնք գերի չեն: Բայց այս ամէնը մենք գիտենք, այս ամէնը աշխարհին ներկայացնելու մասին ես կ՛ըսեմ, նկատի ունենալով նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտական դաշտը»:

Է. Նալբանդեան պատասխանած է. «Պէտք է զգուշ ըլլալ ձեւակերպումներուն մէջ, եթէ դուք կ՛ըսէք` տիկինը այս ըսած է, այն ըսած է, այդպէս չէ ըսած, ինչպէս դուք կը ներկայացնէք»:

Զաւեշտալի է, բայց ե՛ւ Նուլընտ` Երեւանի մէջ, ե՛ւ Փսաքի` Միացեալ Նահանգներու մէջ, նոյն բանը պնդած են, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը  մարդասիրութիւն պէտք է դրսեւորէ եւ վերադարձնէ,  անոնց բառերով, «գերիները»:

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Նոր Շունչ Տալու Կարելիութիւն Կայ, Պէտք Է Գիշեր-Ցերեկ Աշխատիլ»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Մօտ 1000 Անդամներ Կը Մեկնին Արցախ

RelatedPosts

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու  Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային  Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»

Մարտ 29, 2023
Փաթել. «Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Շրջանի Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Եւ Երեւանի Ու  Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստող Ջանքերը»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Զինուորներու Տեղաշարժերուն Նկատմամբ

Մարտ 29, 2023
Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In