Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «Նոր Շունչ Տալու Կարելիութիւն Կայ, Պէտք Է Գիշեր-Ցերեկ Աշխատիլ»

February 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22515_Aghvan«Երկիր Մետիա»-ի «Երկրի հարցը» հաղորդումին ընթացքին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան խօսած է ՀՅԴ-ի յառաջիկայ ընելիքներուն մասին: Ան նախ յիշեցուցած է, որ յունուար ամսուան երկրորդ կիսուն տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը, որմէ ետք կարգ մը վերադասաւորումներ կատարուեցան կուսակցութեան մարմիններուն մէջ, ապա աւելցուցած է, որ Գերագոյն մարմինը այսօր իր հիմնական գործունէութեան ուղղութիւնները ունի:

«Մենք որոշած ենք հանդիպիլ մեր բոլոր կազմակերպական միաւորներուն հետ, սկսած ենք կազմակերպել մեծ հաւաքներ: Ամսուան մը ընթացքին  պէտք է այդ հաւաքները տեղի ունենան ամբողջ հանրապետութեան մէջ: Մենք ունինք 50 կազմակերպական միաւոր-կոմիտէութիւններ: Մօտ 20-22 նման հանդիպումներ արդէն ըրած ենք: Երեւանի մեր 10 կոմիտէութիւններէն 7-ին մէջ ընկերային հաւաքներ ըրած ենք, 10 մարզերէն` 4-ին մէջ: Հինգ ուղղութիւն կայ: Առաջինը` մեր ընկերներուն ներկայացնել Ընդհանուր ժողովի մթնոլորտը, տրամադրութիւններն ու արդիւնքները, որովհետեւ Ընդհանուր ժողով 4 տարին անգամ մը կ՛ըլլայ: Մենք կը քննարկէինք կուսակցութեան եւ Բիւրոյի 4 տարուան գործունէութիւնը: Շուրջ 250 հարց արծարծուած է, ապա 50 ելոյթ եղած է, ուր խօսուած է ամէն բանի մասին: Քննարկումը եղած է բուռն, բայց համախոհութեան մթնոլորտի մէջ: Երկրորդ` կը խօսինք մեր այսօրուան խնդիրներուն, կազմակերպական դժուարութիւններուն, աւելի բաց եւ հրապարակային գործելու անհրաժեշտութեան մասին: Երրորդ` աւելի մանրամասն կը ներկայացնենք հայաստանեան ներքաղաքական վիճակը, մեր քայլերը եւ անոնց հիմնաւորումները: Եւ  կը խօսինք ապագայ ծրագիրներու մասին:

Մենք նաեւ կը փորձենք աւելի բացուիլ մեզմէ  դուրս, հանրութեան տարբեր շերտերուն հետ կը  հանդիպինք: Օրինակ` մտաւորականներու եւ դասախօսներու… Կը հանդիպինք նաեւ  դեսպաններու  հետ, որպէսզի անոնք եւս հասկնան մեր տեսակէտները»:

Աղուան Վարդանեան նաեւ կարեւոր նկատած է, որ շարքային դաշնակցականները պէտք է վստահ ըլլան, որ ՀՅԴ-ի ընթացքը հետեւողական է` ուղղուած երկրին մէջ որակական, արմատական փոփոխութիւններ կատարելու, հանրութեան խնդիրներուն քայլ առ քայլ լուծումներ գտնելուն:

«Եթէ իրենք համոզուած չըլլան, որ մենք ճիշդ  ուղիի վրայ ենք, չեն կրնար համոզել իրենց շրջապատը: Քաղաքական ուժերը իրենց միջեւ յարաբերութիւններ կը պարզեն` մոռնալով, որ քաղաքականութիւնը մարդու համար է: Այսօր քաղաքականութեան նոր շունչ տալու կարելիութիւն  կայ, եւ պէտք է գիշեր ցերեկ աշխատիլ», եզրափակած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան. «Սահմանին Վրայ Կացութիւնը Համեմատաբար Հանդարտ Է»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Մենք Պէտք Է Ծրագրուած Աշխատինք, Եւ Նոյն Տիկինը Չփորձէ Նենգափոխել Փաստերը»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.