Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Ասուլիս` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ Կայանալիք «Հայերը Լիբանանի Մէջ-100 Տարի» Խորագրեալ Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին Մասին

Փետրուար 27, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

22615_forumՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մամլոյ յատուկ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի հանդիսասրահին մէջ: «Հայերը Լիբանանի մէջ, 100-տարի» խորագրեալ տօնավաճառ-ցուցահանդէսին  գծով կազմակերպուած այս մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Անի Եփրեմեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, արաբերէնով անդրադարձաւ ասուլիսի շարժառիթին եւ նպատակին` ընդգծելով լիբանանահայութեան օգտաշատ ներդրումը Լիբանանի յառաջդիմութեան եւ վերելքին մէջ: Ան յայտնեց, որ 28-31 մայիսին տեղի ունենալիք տօնավաճառ-ցուցահանդէսը նախաձեռնութիւնն է «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի վարչութեան` նախագահութեամբ Էլի Զարտի: Ապա ան հերթաբար բեմ հրաւիրեց այս առիթով խօսք առնող ներկայացուցիչները:

Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Նաուալ Ապի Նախխուլ, որ «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի վարչութեան անունով ողջունեց ներկաները եւ որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց կազմակերպիչ մարմնի ձեռնարկած նախապատրաստական քայլերուն մասին` նշելով, որ մարմինը կը բաղկանայ մասնագէտ անձնաւորութիւններէ: Ան բարձր գնահատեց 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Լիբանան ապաստանած հայերու արդիւնաւէտ ներդրումը Լիբանանի ծաղկումին մէջ, բոլոր մարզերուն մէջ: «Այս ցուցահանդէս-տօնավաճառը եզակի առիթ մըն է հայութեան համար` ցուցադրելու իրենց արուեստի թէ ճարտարարուեստի հմտութիւնները», ընդգծեց ան` շնորհակալութիւն յայտնելով  նշեալ ձեռնարկի նպաստող կողմերուն եւ մարմիններուն, յատկապէս` սրբազան հօր եւ տնտեսութեան նախարարին:

Ապա խօսք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան, որ պատմական յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ Եղեռնէն ճողոպրած հայու բեկորներու Լիբանան ապաստանումին եւ յամառ ու ժրաջան ճիգերով կարճ ատենէն կազմակերպուելու եւ հետզհետէ յառաջդիմելու վճռակամութեան: «Իր տեսակին մէջ առաջինը նկատուող այս նախաձեռնութիւնը կը միտի հանրային կարծիքը մղել գիտակցելու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ահաւորութեան ու այս գծով յստակ ու յանձնառու կեցուածքներ խթանել, բարոյական մարտահրաւէր մը, որ կը ձգտի արդարութեան, ներողամտութեան, բռնութեանց կասեցման, յանցանքի ճանաչման ու համապատասխան հատուցման», շեշտեց Խտըշեան` ընդգծելով լիբանանահայութեան հարուստ եւ օգտաշատ ներդրումը Լիբանանի վերելքին մէջ: «Անոնք կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կազմակերպուեցան եւ յարատեւ աշխատանքով յառաջդիմեցին եւ եղան առաւելութիւն արուեստի, մշակոյթի, ճարտարարուեստի եւ առհասարակ բոլոր մարզերուն մէջ» շարունակեց Սեդա Խտըշեան` դիտել տալով, թէ Թուրքիոյ շարունակուող ժխտողականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, խորապէս ազդած է հայութեան վրայ: Ան նշեց նմանօրինակ դէպքերու կրկնութեան պարագաները` Ռուանտայի, Եուկոսլաւիոյ եւ Իրաքի եզիտիներուն գծով: «Պիտի շարունակենք պայքարիլ վասն արդարութեան, մինչեւ որ պատմութեան անիւը թաւալի ի նպաստ հայութեան, եւ վստահաբար պիտի գայ այդ օրը», ընդգծեց Խտըշեան  անգլերէնով արտասանած իր խօսքով: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի վարչութեան նախագահ Էլի Զարտին:

Իր կարգին, տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմի ներկայացուցիչ Էլիաս Հանքաշ արաբերէնով իր խօսքին մէջ վեր առաւ լիբանանահայութեան մասնակցութիւնն ու ներդրումը Լիբանանի յառաջդիմութեան եւ վերելքին մէջ: Ան խոր դրուատիքով անդրադարձաւ հայութեան խիզախ ճիգերուն ու յամառ կամքին` ոչինչէն վերսկսելու եւ վերակերտելու  ամէն ինչ` նշելով, որ այս ցուցահանդէսը կու գայ առ ի երախտիք լիբանանահայութեան ներդրումին, Լիբանանի գրեթէ բոլոր մարզերու ծաղկումին մէջ: «Առ այդ, տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմի անունով կ՛ողջունեմ ձեզ ու կը յայտարարեմ, թէ նախարարութիւնը որոշած է «հայկական խոհանոց»-ի շաբաթ յայտարարել մօտերս Միլանոյի մէջ տեղի ունենալիք «Էքսփօ Միլան» խորագրեալ ցուցահանդէսին, ուր Լիբանան եւս պիտի մասնակցի» յայտնեց Հանքաշ` շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի յաջողութեան նպաստող բոլոր անհատներուն եւ մարմիններուն:

Այս առիթով իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան, որ արաբերէնով ողջունեց ու դրուատեց սոյն ձեռնարկի նախաձեռնութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով անոր բոլոր քայլերուն: Տէր Խաչիկ սեղմ գիծերու մէջ նշեց հայերու Լիբանան հաստատման պատմական պայմանները` դիտել տալով, որ այս ցուցահանդէսը կու գայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

Նշենք, որ այս առիթով ցուցահանդէս-տօնավաճառին մասին յատուկ գրքոյկ մը բաշխուեցաւ ներկաներուն սրահի մուտքին:

 

 

Նախորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Յակոբ Գաբրիէլեան Զոհուեցաւ

Յաջորդը

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?