Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Միասին Խելք Խելքի Տանք Եւ Ազատինք Չարիք Դարձած Այս Արատաւոր Համակարգէն»

Փետրուար 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

22415_ArmenՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանին մէջ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Այս վերջին օրերուն տեղի ունեցած ներքաղաքական իրադարձութիւնները խորքային ընկալման եւ գնահատման կարիք ունին: Կողմերուն   միջեւ օրէ օր աճող լարուածութիւնը վերածուած էր  անձնական վիրաւորանքներու, սրած էր ճակատումը եւ աւելցուցած բախումներու եւ արիւնահեղութեան հաւանականութիւնը:

«Ի պատիւ գլխաւոր դերակատարներուն, պէտք է արձանագրել, որ անոնք կրցան ճիշդ գնահատել երկրին առջեւ դրուած ներքին եւ արտաքին բարդ ու վտանգաւոր մարտահրաւէրը, եւ կանգ առնել:

«Այո՛, վատագոյնէն առայժմ խուսափած ենք: Բայց հարցերը կը մնան տակաւին չլուծուած, եւ քանի տակաւին  այդպէս է, բոլորս պարտուած ենք, եւ  պէտք չէ առիթը օգտագործել եւ յաղթող ու պարտուող գտնել: Մեր երկրին ապագային համար պատասխանատու բոլոր քաղաքական ուժերը պարտաւոր են անմիջապէս ձեռնամուխ ըլլալու  անկեղծ քննարկումներու միջոցով գտնելու կուտակուած ամէնէն բարդ խնդիրներուն լուծման ճամբան:

«Ասիկա պիտի ըլլայ այս «քաղաքական զինադադարէն» յառաջացած բարենպաստ նախադրեալներու  լաւագոյն արժեւորումը: Դաշնակցութիւնը բազմիցս արտայայտած է վիճակը սրբագրելու իր պատկերացումները, որոնք միակ կարելիութիւնն են խուսափելու թէ՛ արիւնահեղութենէն, թէ՛ ժողովուրդի հիասթափութենէն: Կայ պարզ օրինաչափութիւն մը. նայեցէք ինչ կարգով եւ մեքանիզմներով կը ձեւաւորուի եւ կը գործէ իշխանութիւնը, կը տեսնէք ի՛նչ վարչակարգ հաստատուած է տուեալ երկրին մէջ, ժողովրդավարակա՞ն, թէ՞ ոչ:

«Ատոր համար կ՛առաջարկենք փոխել թէ՛ ընտրական, թէ՛ կառավարման համակարգերը Հայաստանի մէջ: Որովհետեւ առանց մէկուն միւսը թերի է եւ չ՛ապահովեր ժողովրդավարական միջավայր: Պատահական չէ, որ անկախութեան արշալոյսին ունեցանք բնականոն ընտրութիւններ, բայց անոնք ժողովրդավարութիւն չհաստատեցին: Եթէ չարիքը կ՛ուզէք վերացնել, չարիքը ծնողը գտէք: Պէտք չէ անձնաւորել քաղաքական պայքարը, չարիք ծնողը գործող համակարգն է: Չարիք է, որովհետեւ իր խաղի կանոնները պարտադրելով, կը յաջողի նոյնիսկ  լաւերը փճացնել: Չարիք է, որովհետեւ, ով  որ համակարգին մէջն է, պաշտպանուած է եւ ապահով, ով` ոչ, կը յայտնուի անոր մամլիչին, ճանկին տակ: Չարիք է, որովհետեւ ընտրութիւնը վերածուած է վերարտադրութեան, միշտ սպասարկելով միայն իշխող վարչախումբին եւ դուրս մղելով մնացեալ բոլորը: Այս դրուածքը փոխելը այսօր դարձած է հրամայական անհրաժեշտութիւն:

«Ուրեմն մեր կոչն է բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս հանրութեան` եկէք միասին խելք խելքի տանք եւ ազատինք չարիք դարձած այս արատաւոր համակարգէն, դուրս գանք այս կեղծ շրջանակէն եւ լիարժէք փոփոխութիւններու համար իրական երաշխիքներ ստեղծենք: Իսկ մինչեւ  սահմանադրական փոփոխութիւնները, որպէսզի մեծնայ ժողովուրդին վստահութիւնը անոնց նկատմամբ, ընենք այն բարեփոխումները, որոնք կարելի է կատարել նոյնիսկ այս սահմանադրութեամբ»:

 

 

Նախորդը

Մինասեան. «Կառավարման Ճգնաժամ Կայ, Բայց Ատիկա Համակարգային Է»

Յաջորդը

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?