Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Մէկ Մետալին Երկու Երեսներն Են» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Փետրուար 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22615_image_binaՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է ընծայուի նախագահական ընտրութեան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ զօրաւոր անձնաւորութիւն մը, որ կը ներկայացնէ երկրին քրիստոնեայ համայնքը, ինչպէս նաեւ իր դերակատարութեամբ Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուժ կը ներշնչէ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի ազգային սկզբունքները քաղաքական հանդիպումներով եւ դիւանագիտական յանձնախումբերուն հետ հանդիպումներով չէ որ կը ճշդուին, այլ` դժուար կացութիւններու եւ ճակատագրական կեցուածքներու ընթացքին:

Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուիլ չի նշանակեր կուսակցութեան աշխատելաձեւը փոփոխութեան ենթարկել, քաղաքական սկզբունքները շրջել:

Այս առումով, երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ ՀՅԴ-ի քաղաքական դաշինքները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին, այլ` աւելի եւս ամրապնդուած են ու զօրացած:

Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն հետ յարաբերութիւններուն` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ այդ յարաբերութիւնները անհատական նկատել` աւելցնելով, որ այդ բարեկամութիւններն ու ծանօթութիւնները ինք կերտած է ՀՅ Դաշնակցութեան աշխատանքներուն ընդմէջէն:

Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն գոհ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքով, ինչպէս նաեւ պատրաստ է գործակցելու քաղաքական այլ ուժերու հետ եւ նպաստելու երկխօսութիւններուն, որոնք կ՛օժանդակեն մեղմացնելու երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը եւ կ՛ամրապնդեն լիբանանեան ազգային միասնականութեան հիմերը:

Յ. Բագրատունի դրուատեց Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընթացող երկխօսութիւնները:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրութիւններուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կարելի է արձանագրել բոլոր համայնքներուն, նոյնիսկ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը ապահովելով: Այս առումով ան ընդգծեց Պէյրութի մէջ լիբանանահայութեան պարզած իւրայատկութիւնը` նշելով, որ անհրաժեշտ է Մտաուարի շրջանը Պաշուրայէն բաժնել եւ զայն միացնել Էշրեֆիէի, Ռմէյլի եւ Սայֆիի:

Միջին Արեւելքի հայութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ մնայուն կերպով կը հետեւի հայութեան իրավիճակին, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ:

«Միջին Արեւելքի մէջ թրքական պետութեան դիմակը վերացուած է, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ընկերակիցները փաստած են, որ իրենք նոր օսմանցիներ չեն, այլ իսկական օսմանցիներ, որոնք նաեւ արաբներուն թշնամիներն են: Թուրքիա եւ Իսրայէլ մէկ մետալին երկու երեսներն են: Իսկ տակաւին կան արաբներ, որոնք մինչեւ օրս կը մտածեն, որ Օսմանեան պետութիւնը իրենց դաշնակից է եւ զայն կը նկատեն շրջանի սիւննի համայնքի չափաւորականութեան չափանիշը, մինչդեռ «Օսմանեան պետութիւն»-ը փաստած է, որ ինք Լիպիայէն մինչեւ Սուրիա եւ Եգիպտոս երկարող ծայրայեղականութիւնը հովանաւորողն է», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Բանակը Իր Ամբողջական Հակակշիռին Տակ Առաւ Թալլեթ Ժրաշը

Յաջորդը

Այցելութիւն Վարչապետ Սալամի

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?