Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանական Ռայնլանտ-Փֆալց Շրջանին Մէջ Ներկայացուած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Մը

May 14, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-13-15_Reinland«Արմէնփրես»` յղում կատարելով գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Ռայնլանտ-Փֆալց վարչական շրջանի խորհրդարանական խմբակցութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ցեղասպանութիւնը դատապարտող միացեալ բանաձեւ մը ներկայացուցած են:

Խմբակցութիւններու բանբերները իրենց խօսքին մէջ նշած են. «Մեր հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ նպաստել համերաշխութեան, փոխըմբռնման եւ գիտակցման»: Անոնք շրջանի կառավարութեան յորդորած են յառաջ քշել նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ` 1915-1916 թուականներու դէպքերուն եւ անոնց մէջ գերմանական կողմի պատասխանատուութեան ստանձնման վերաբերեալ:

Ըստ գերմանական «ՌայնՑայթունկ» օրաթերթին, բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի. «Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուք, Պունտեսթակի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ ու Պունտեսթակի բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները իրենց ելոյթին մէջ յուզիչ բառերով յստակ նշեցին այս տարելիցի նշանակութիւնը: Մենք բոլորս պէտք է կրենք այս ցեղասպանութեան պատմական պատասխանատուութիւնը, յատկապէս գերմանական ռայխի ունեցած դերի պարունակին մէջ: Այդ պատճառով ալ մենք կը ներկայացնենք այս միացեալ բանաձեւը: Խօսքը ոչ միայն զոհերը յիշելու, այլեւ յառաջ նայելու անհրաժեշտութեան մասին է: Մեր միասնական նպատակն է հասնիլ հաշտութեան, փոխըմբռնման եւ ճանաչման: Այդ պատճառով ալ մենք կողմ ենք հայ-թրքական յարաբերութիւններու զարգացման:

«Խորհրդարանական ուժերը հաւատարիմ կը մնան հայ-թրքական հաշտեցման իրենց որոշումին: Այդ իսկ պատճառով մենք կոչ կ՛ուղղենք Ռայնլանտ-Փֆալցի դաշնակցային կառավարութեան խրախուսելու 1915-1916 թուականներու դէպքերուն հետ առերեսման ուղղուած բոլոր ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները եւ հետեւողական ըլլալու Գերմանիոյ պատասխանատուութեան բաժինը ընդունելու հարցով»:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան Կը Բողոքէ Ելեկտրականութեան Սակի Յաւելումին Դէմ

Յաջորդը

Եւրասիական Տնտեսական Յանձնախումբի Անդամները Հասան Հայաստան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.