Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլոնիոյ Հոլովոյթին Մասին Երեւանի Հաղորդագրութիւնը Միաձայնութեամբ Ընդունուեցաւ

May 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-15-15_bolԵրեւանի մէջ ընթացող Եւրոպական բարձրագոյն կրթական տարածքի նախարարական վեհաժողովի եւ Պոլոնիոյ քաղաքականութեան չորրորդ խորհրդաժողովի երկրորդ օրը` երէկ, միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Երեւանի հաղորդագրութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախարարական վեհաժողովի եզրափակիչ նստաշրջանի բացման ընթացքին յայտարարեց. «Եթէ առարկութիւններ չկան, հաղորդագրութիւնը կարելի է միաձայնութեամբ ընդունուած նկատել: Եկէք ծափահարենք եւ ընդունուած նկատենք»:

Վեհաժողովի փակման խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Ան նշեց. «Մենք բարձր կը գնահատենք բարձրագոյն կրթութեան մարզի` նման լսարանի մասնակցութիւնը երեւանեան վեհաժողովին, որ որոշիչ է եւրոպական կրթութեան համար: Ասիկա իսկապէս պատմական պահ է, իրադարձութիւն, որ յառաջ կը տանի բարձրագոյն կրթութեան տեսլականը: Պոլոնիոյ հոլովոյթը յաջող համագործակցութեան արդիւնք է, ասիկա նաեւ միջոց է զարգացող երկիրներուն համար` կիսելու իրենց փորձը, նպաստելու ուսանողներու  հաղորդակցութեան», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց. «Մեր համագործակցութիւնը փոխադարձ վստահութեան եւ երկխօսութեան վրայ պէտք է հիմնուած ըլլայ: Երեւանի վեհաժողովը մեծ նուաճումներու եւ վստահութեան գրաւական է, վստահ եմ` ներկայացուած բոլոր առաջարկները կեանքի կը կոչուին», ըսաւ վարչապետը:

Եւրոպական յանձնաժողովի կրթութեան եւ մշակոյթի հարցերով գլխաւոր տնօրէն Ատամ Թայսըն իր կարգին ըսաւ. «Պոլոնիոյ հոլովոյթին շնորհիւ իրականութեան մէջ մենք կեանքի կը կոչենք ազգամիջեան հաղորդակցութիւններ հաստատելու քաղաքականութիւնը: Մենք կը պաշտպանենք Պոլոնիոյ հոլովոյթը, որ գործնականին մէջ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս մենք, փոխըմբռնում ստեղծելով, կեանքի կը կոչենք  համաձայնութիւնները: Մենք կը փափաքինք, որ Պոլոնիոյ հոլովոյթը խորանայ, որպէսզի ուսանողները եւ համալսարանի անձնակազմերը կարենան շօշափել իրական պտուղները»:

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան լրագրողներուն յայտնեց, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ առաջին անգամ եւրոպական ծրագիրները հասանելի կ՛ըլլան նաեւ տագնապի գօտիներու ուսանողներու եւ դասախօսներու համար: «Տուեալ` շատ կարեւոր դրոյթը մաս կը կազմէ ներառելու մեր քաղաքականութեան: Կրթութեան իրաւունքը` իբրեւ մարդկային  տարրական իրաւունք, պէտք է իրականացնենք առանց խտրականութեան», ըսաւ նախարարը: Պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, նախարարը հաւաստեց, որ Արցախի ուսանողներն ու դասախօսները նոյնպէս կրնան ներգրաւուիլ եւրոպական կրթական ծրագիրներուն մէջ:

Վեհաժողովի  ծիրին մէջ Աշոտեան երէկ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի վարչապետի կրթութեան հարցերով պետական քարտուղար Թիերի Մանտոնի հետ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Մանտոնին` վեհաժողովին մասնակցութեան համար` ընդգծելով, որ Պոլոնիոյ  քարտուղարութեան ղեկավարութիւնը պիտի  փոխանցուի բարեկամ Ֆրանսային: Ըստ Արմէն Աշոտեանի, Հայաստանի համար մեծ մարտահրաւէր էր Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող երկրին մէջ կազմակերպել նման բարձր մակարդակի վեհաժողով: Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց Ֆրանսայի հետ կիսելու Հայաստանի փորձը` վեհաժողովի կազմակերպման, ենթակառոյցներու, մեթոտաբանութեան եւ այլ հարցերով: Արմէն Աշոտեան նաեւ գոհունակութեամբ  ընդգծեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունի բարձր մակարդակի համագործակցութիւն:

Թիերի Մանտոն իր կարգին նշեց, որ տպաւորուած է Հայաստանի աշխատանքով` ընդգծելով, որ վեհաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար կատարուած է հսկայական  եւ գերազանց գործ, ներառեալ` կազմակերպչական եւ  փաստաթուղթերը կազմելու աշխատանքը: Ան նշեց, որ պէտք է ձգտիլ հասնելու Հայաստանի արդէն իսկ սահմանած չափանիշին:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի, ֆրանսերէնի ուսուցիչներու վերապատրաստումներուն եւ այլ հարցերու:

Քննարկուեցաւ նաեւ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ կրթութեան մարզին մէջ նոր համաձայնագիրի ստորագրման կարելիութիւնը` ատիկա աւելի արդիականացնելու  եւ ընդլայնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Ալիեւի Աշխատակազմի Փոխղեկավարը Կը Գանգատի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքէն

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Նոր Մարտահրաւէրները Կը Պահանջեն Նոր Մօտեցումներ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.