Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան. «Հայ Ժողովուրդը Յատուկ Ակնածանք Ունի Գիտելիքի Եւ Ուսման Նկատմամբ»

Մայիս 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-14-15_nakhakahՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական բարձրագոյն կրթութեան տարածքի նախարարական գերաստիճանի եւ Պոլոնիոյ քաղաքականութեան չորրորդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունելով ներկաները ըսաւ.

«Հայաստան, 2005 թուականին անդամակցելով Պոլոնիոյ հոլովոյթին, իրեն համար համագործակցային նոր կարելիութիւններու  դաշտ  ձեւաւորեց եւրոպական տարածքի հետ եւ ստացաւ նոր մեքանիզմներ` լաւագոյնս կիրառելու միջազգային փորձառութիւնը»:

Ըստ Սարգսեանի, եւրոպական կրթական համակարգը, յանձինս Պոլոնիոյ հոլովոյթին, մեծ ներդրում ունեցած է աշխարհի այլ շրջաններու կրթական բարեփոխումներուն մէջ` կրթական տարբեր ծրագիրներու, քաղաքական եւ հաստատութենական երկխօսութեան միջոցով:

«Հայաստանեան կրթական համակարգին համար կարեւոր ձեռքբերումներէն է Երեւանի մէջ 2012 թուականին ստանձնումը Պոլոնիոյ քարտուղարութեան, որ պատասխանատու, միաժամանակ պատուաբեր պարտականութիւն է: Ատիկա եւրոպական կրթական արժէքային համակարգի փորձառութիւնը կիսելու եւ Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնները այս հոլովոյթին լաւագոյնս համարկելու կարելիութիւն է: Համալսարանական համակարգին մէջ Հայաստան ունի յառաջընթաց արձանագրող միտումներ ե՛ւ որակի եւրոպական չափանիշներու կիրառման, եւ թէ ուսանողներու շարժունութեան առումով: Հայաստանեան կրթական մշակոյթը, որ սկիզբ առած է հնագոյն ժամանակներէ` իբրեւ իր դարաւոր պատմութեան անքակտելի մաս, միշտ աշխարհին ներկայացած է իր նուաճումներով: Հայ ժողովուրդը յատուկ ակնածանք ունի գիտելիքի եւ ուսման նկատմամբ: Թերեւս այն պատճառով, որ իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին, երբ կողոպտուած, թալանուած եւ հալածուած է, միակ արժէքը, զոր չեն կրցած խլել իրմէ, եւ որ լուսաւորած է իր դժուար ուղին, եղած է գիտելիքը, հարիւրամեակներու ընթացքին կերտած հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը: Եւ պատահական չէ, որ նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն ծանր օրերուն հայ մարդը գիրքեր փրկած է: Այլապէս այսօր մենք չէինք ունենար Մատենադարան, որ հայ ժողովուրդին յարատեւութեան գրաւականն է», հաստատեց նախագահ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ըսաւ. «Մեզի համար մեծ հպարտութիւն պատճառող եւ միաժամանակ պարտաւորեցնող է այն, որ այսօր նորովի կ՛արժեւորուի համաշխարհային գիտութեան, արուեստի, աստուածաբանութեան զարգացման մէջ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ միտքի ներդրումը. վերջին նման հրաշալի իրադարձութիւնը Հռոմի պապին կողմէ միջնադարեան միտքի հայ հանճար, Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսի շնորհումն էր` տիտղոս մը, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ` շուրջ 2000-ամեայ պատմութեան ընթացքին միայն 36 մեծագոյն մտածողներուն շնորհուած է: Այս տարին Հայաստանի, հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին համար իւրայատուկ տարի է, մենք կը յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, կ՛ոգեկոչենք մեր անմեղ զոհերուն յիշատակը եւ կը փորձենք կառուցել աւելի անվտանգ միջավայր մարդոց եւ ժողովուրդներուն համար: Մենք կ՛ըսենք` «Այլեւս երբեք», այլեւս երբեք կարելի չէ թոյլ տալ նման հրէշաւոր յանցագործութիւններու կրկնութեան, պէտք է բացառել զանոնք ծնող միջավայրի ձեւաւորումը, փոխել մարդկութեան եւ քաղաքակիրթ գոյակցութեան մասին համընդհանուր պատկերացումները, հրամայականները, այլատեացութենէն զերծ հասարակութիւններ զարգացնել: Ակնյայտ է, որ այս հարցին մէջ շատ մեծ է կրթութեան դերը, այն առաքելութիւնը, զոր կ՛իրականացնէք դո՛ւք բոլորդ, յարգելի՛ ներկաներ», եզրափակած է Հայաստանի նախագահը:

 

 

Նախորդը

Լորան Մոզարը Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է Արցախ Այցելելու

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Նախագահը Կ՛այցելէ Քանատա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?