Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ անկասկած Լիբանան կ՛ենթարկուի հսկայ վտանգներու, որոնք արտաքին են ու ներքին եւ որոնք իրարու հետ կապի մէջ են եւ հետզհետէ աւելի լուրջ կը դառնան:
«Արտաքին վտանգներուն պէտք է դիմադրել, նոյնիսկ եթէ չկարենանք զանոնք մեր հակակշիռին տակ առնել, իսկ ներքին վտանգները մենք կը ստեղծենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ 1990-էն ի վեր Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական տագնապ մը, որուն պատճառները պէտք է մենք ճշդենք: Ան նշեց, որ այդ տագնապը ձեւական չէր, սակայն քրիստոնեաներն էին, որոնք սահմանադրութեան եւ ազգային ուխտին հակադրուող ընտրական օրէնքներ վաւերացուցած են` հակառակ արդար օրէնքներու մասին անոնց հնչեցուցած պահանջներուն: Ընտրական այդ անարդար օրէնքները նաեւ պատճառ դարձած են քրիստոնեաները իրենց զգայուն կեդրոններէն հեռացնելու:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային ուխտի ստորագրութենէն 25 տարի ետք, ժամանակն է արդէն, որ անոր մեծ մասին չգործադրուելուն առումով սուտասանութեան վերջ տրուի:
«Այս շրջագիծին մէջ մենք խորհրդակցութիւններ կատարեցինք բոլորին հետ, երբ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը պիտի երկարաձգուէր, սակայն անոնց կեցուածքը ժխտական էր, իսկ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը դժբախտաբար երկու անգամ երկարաձգուեցաւ», ըսաւ ան: Խորհրդարանի այս մեծամասնութիւնը իր փափաքած ձեւով կու տայ որոշումները, կարծէք ան երէկ ընտրուած ըլլար: Նոյնը կատարուած էր նաեւ բանակի հրամանատարութեան պարագային, երբ անոր հրամանատարը երկու յաւելեալ տարիներ ծառայած էր նոյն պաշտօնով: Զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ո՞ւր են գումարները եւ ո՞վ է պատասխանատուն այդ գումարներուն անհետացման: «Կարելի՞ է ընդունիլ պաշտպանութեան օրէնքին իմաստով կատարուածը», հարց տուաւ զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ օրէնքին ծիրին մէջ այն որոշումները, զորս կառավարութիւնը չի կրնար վաւերացնել, կը մղէ, որ նախարարը վաւերացնէ` օրէնքէն դուրս: «Այս սխալները հսկայական են եւ անոնք կը պատահին, որովհետեւ մարդիկ երկրին սահմանադրութեան քաջածանօթ չեն: Իսկ մենք վստահած ենք կառավարութեան մը, որ չի կրնար որոշումներ տալ, իսկ որոշումները կը տրուին միայն փորձանքներէն եւ աղէտէն ետք: Անհրաժեշտ է, որ պատասխանատուները հասկնան, որ իշխանութիւնը ունի իր օրէնքները, որոնք արձանագրուած են սահմանադրութեան մէջ, իսկ անկէ բացի ամէն ինչ անհիմն է: Այսօրուան կառավարութիւնը գոյութիւն ունի մեր զիջումներուն շնորհիւ, իսկ եթէ ան անկարող է, ապա ի՞նչ իմաստ ունի անոր գոյութիւնը», շեշտեց ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց նաեւ, որ պարտքեր դիզող եւ նիւթական վտանգներու ենթարկուող Լիբանանը կարիքը ունի կազի ծրագիրներու, իսկ կառավարութիւնը կը յապաղեցնէ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը վերստանալու օրէնքը` լիբանանեան կեանքի բոլոր մարզերը զրկելով ներուժէ: Այս բոլոր հարցադրումները պարզապէս նմուշներ են, որոնք մեզ կը մղեն մտածելու, թէ արդեօք այս կառավարութեան կարիքը ունի՞նք:
Ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներու նշանակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ նշանակումները կատարելու իմաստով մեզի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած քաղաքական ուժեր, որոնք յետս կոչած են իրենց զօրակցութիւնը, պատճառաբանած են, թէ բանակի հրամանատարութեան պարագային իմ եւ թեկնածուին միջեւ ընտանեկան կապը կրնայ հիմնական խոչընդոտ նկատուիլ: Ան հարց տուաւ, թէ ընտանեկան թէ ազգականական կապերը արդեօք կը ջնջե՞ն խնդրոյ առարկայ թեկնածուին ատակութիւնը` այդ պաշտօնը ստանձնելու առումով: Կա՞յ արդեօք մէկը, որ կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ են ապահովական կառոյցներուն պատասխանատուները ճշդելու չափանիշները: «Մենք կառչած կը մնանք բանակին պահպանումին եւ կը զօրակցինք միայն անոնց, որոնք ի վիճակի են պահպանելու վարչական պաշտօնները», ըսաւ ան:
Նախագահական ընտրութեան մասին խօսելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ ժողովրդավարութեան մէջ իրենք բացայայտած են տգիտութիւնը` նկատել տալով, որ ժողովրդավարական վարչակարգի շրջագիծին մէջ ոմանք կը յանդգնին ժողովուրդին որոշումը աղբանոց նետել: «Այն երեսփոխանները, որոնք երկրին սահմանադրութիւնը բազմիցս խախտած են, իրաւունք ունի՞ն խորհրդարանի նիստերէն մեր բացակայութեան մասին բողոքելու», հարց տուաւ ան` ընդգծելով, որ իրենք այսուհետեւ պիտի չարտօնեն, որ իրենց իրաւունքներուն մէկը դպչի:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ իրենք արդէն իսկ մուտք գործած են յետհաշուարկի հանգրուան` աւելցնելով, որ սահմանադրական տագնապներէն դուրս գալու համար կան հետեւեալ երեք լուծումները. ա) նախագահական ընտրութիւնը երկու հանգրուանով կատարել, առաջինը` քրիստոնէական եւ երկրորդը` ազգային, բ) նախագահական ընտրութիւնը կատարել ժողովրդային հանրաքուէով եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած թեկնածուն կ՛ընտրուի նաեւ խորհրդարանին կողմէ, գ) ամէնէն աւելի ներկայացուցչութիւն ունեցող քրիստոնեայ ղեկավարութիւններուն միջեւ ընտրութիւն կատարել, իսկ դ) նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ընտրել նոր խորհրդարան մը:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ առաջին երեքը համաձայնական լուծումներ են, իսկ չորրորդը` իսկական լուծումը, «մինչդեռ Տոհայի լուծման վերադարձը գրեթէ անկարելի կը գտնեմ», եզրափակեց համախմբումի նախագահը: