«Լուպնան Ռիսալա» շարժումին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հասարակաց ճակատագիրի իրականութիւնը` նշելով, որ երբ Մեծ եղեռնէն ճողոպրած հայերը հասան Լիբանան, անոնք կը գտնուէին այլ երկիրներ ուղղուելու ընտրանքին դիմաց: «Սակայն անոնց մեծամասնութիւնը ընտրեց Լիբանան կեցութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ երկիրը ունի մտքի ու կրօնի ազատութիւն եւ կրնայ հիւրընկալել տեղահանուած ժողովուրդը: Հայութիւնը տեղահանուեցաւ իր հողերէն, ինչպէս այս շրջանի ժողովուրդները, յատկապէս քրիստոնեաները», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն ցուցաբերած համախոհութեան, որ սկսաւ Ֆրանչիսկոս Ա. պապէն, երբ ան յայտարարեց, որ հայութեան դէմ գործուած ջարդերը ցեղասպանութիւն են, մինչեւ Եւրոպական Միութեան, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին, կրօնական եւ հոգեւոր խորհուրդներուն, լիբանանեան քաղաքական կարգ մը խորհուրդներուն: «Այս իրականութիւնը կը փաստէ, թէ ցաւը եւ ողբերգութիւնը մէկ է: Եթէ այսօր լիբանանահայը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն թոռն է, ապա հայերէն չխօսող միւս լիբանանցին Լեռնալիբանանը հարուածած սովի նահատակներուն թոռն է: Սով մը, որուն պատճառով Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը սովամահ եղաւ, իսկ մէկ երրորդը արտագաղթի դիմեց», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ շրջանին մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը օժանդակած է ժողովուրդին, որ անդրադառնայ այն մեծ վտանգներուն, որ ՏԱՀԵՇ, Ժապհաթ Նուսրա եւ այլ կազմակերպութիւններ կը մարմնաւորեն, ինչպէս նաեւ նշմարէ, որ այդ կազմակերպութիւններուն ետին գտնուող հիմնական վտանգը թուրանականութիւնն է, որ կը զօրակցի այդ կազմակերպութիւններուն եւ ամէն դիւրութիւն կը տրամադրէ անոնց` երաշխաւորելու համար անոնց գոյութիւնը:
«Համաթուրանականութիւնը ամբողջ չորս դարեր հալածած էր շրջանի ժողովուրդները, ապա հեռացած այդ շրջանէն: Ապա ուզեց տարբեր ձեւերով վերադառնալ նոյն շրջանները եւ արաբներուն սրտին մէջ տեղ գրաւել` տնտեսական, ընկերային, զբօսաշրջային եւ թարգմանուած ֆիլմաշարերուն ընդմէջէն: Թուրքիա կազմակերպեց նաեւ «թատերական ներկայացումներ», ինչպէս` Կազայի «Մարմարա» նաւուն թատերախաղը, իսկ այսօր բոլորին համար յստակ է, թէ Թուրքիա կը գտնուի շրջանը բաժնելու, ժողովուրդները հարուածելու, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները տեղահանելու յառաջատար դիրքին վրայ», հաստատեց ան:
Ակնարկելով լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ հայութեան դերակատարութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնուած է 1890-ին եւ հետեւաբար ան 125-ամեայ կուսակցութիւն է, որ հիմնուած է Թիֆլիսի մէջ` ընկերվարական գաղափարներու հիման վրայ: «Սակայն ընկերվարական գաղափարաբանութեան կողքին, անոր հիմնական նպատակն էր պաշտպանել ներկայիս բռնագրաւուած հայկական հողերուն վրայ գտնուող հայութեան իրաւունքները», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի դերակատարութեան մասին խօսելու շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի շեշտեց համերաշխութեան եւ չափաւորականութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ հարցերը լուծելու միակ միջոցը պէտք է ըլլայ երկխօսութիւնը: «Նոյնիսկ եթէ ան ձեւական երկխօսութիւն է, սակայն անիկա անհրաժեշտութիւն է` ՀՅԴ-ի կարծիքով», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց ժողովրդավարութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կարգախօս չէ, այլեւ` առօրեայ կեանքին մէջ գործադրուած հոլովոյթ: «ՀՅԴ-ն այն քիչ կուսակցութիւններէն է, ուր իշխանութեան հերթափոխութիւնը կը յարգուի եւ Կեդրոնական կոմիտէն ու անոր ներկայացուցիչը կ՛ընտրուին», եզրափակեց ան: